2026-ին Հայաստանէն 30 Երկիր Արտահանուած Է 908,6 Թոն Ծաղիկ

ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Անի Բադալեան ընկերային ցանցի իր էջով գրած է. «Հայաստանը կը շարունակէ բազմազանեցնել իր արտաքին տնտեսական կապերը՝ ընդլայնելով հայկական արտադրանքի ներկայութիւնը միջազգային շուկաներուն մէջ։ Ծաղիկներու արտահանում 2026 թուականի 1 Յունուարէն 12 Հոկտեմբեր Հայաստանէն 908,6 թոն ծաղիկ արտահանուած է 30 երկիր, այդ շարքին՝ թէ՛ դէպի հարեւան երկիրներ (Թուրքիա, Իրան, Վրաստան), թէ՛ Եւրոպայի (ԵՄ 14 անդամ երկիր եւ Զուիցերիա, Մոլտովա, Ուքրանիա, Սերպիա), Մերձաւոր Արեւելքի (ԱՄԷ, Օման), Կեդրոնական Ասիոյ (Թուրքմենիստան, Ղազախստան, Ղրղզստան, Ուզպեքիստան) եւ Հիւսիսային Ամերիկայի (ԱՄՆ) շուկաներ։ Կարեւոր է արձանագրել, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատութեամբ ծաղիկներու արտահանման աշխարհագրութիւնը նշանակալիօրէն ընդլայնուած է։ Եթէ նախորդ տարի արտահանումը կ՚իրականացուէր միայն Ֆրանսա,
հեղինակ՝
20 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ խօսնակ Անի Բադալեան ընկերային ցանցի իր էջով գրած է.

«Հայաստանը կը շարունակէ բազմազանեցնել իր արտաքին տնտեսական կապերը՝ ընդլայնելով հայկական արտադրանքի ներկայութիւնը միջազգային շուկաներուն մէջ։

Ծաղիկներու արտահանում

2026 թուականի 1 Յունուարէն 12 Հոկտեմբեր Հայաստանէն 908,6 թոն ծաղիկ արտահանուած է 30 երկիր, այդ շարքին՝ թէ՛ դէպի հարեւան երկիրներ (Թուրքիա, Իրան, Վրաստան), թէ՛ Եւրոպայի (ԵՄ 14 անդամ երկիր եւ Զուիցերիա, Մոլտովա, Ուքրանիա, Սերպիա), Մերձաւոր Արեւելքի (ԱՄԷ, Օման), Կեդրոնական Ասիոյ (Թուրքմենիստան, Ղազախստան, Ղրղզստան, Ուզպեքիստան) եւ Հիւսիսային Ամերիկայի (ԱՄՆ) շուկաներ։

Կարեւոր է արձանագրել, որ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատութեամբ ծաղիկներու արտահանման աշխարհագրութիւնը նշանակալիօրէն ընդլայնուած է։ Եթէ նախորդ տարի արտահանումը կ՚իրականացուէր միայն Ֆրանսա, ԱՄԷ, Ղազախստան, Ղրղզստան, Պելառուսիա, Վրաստան եւ Ռուսաստանի Դաշնութիւն, ապա ընթացիկ տարի ուղղութիւններու ցանկը համալրուած է 23 նոր շուկաներով։

ԵՄ երկիրներէն հայկական ծաղիկները մինչեւ այս պահը արդէն «հիւրընկալուած» են Հոլանտայի, Աւստրիոյ, Պելճիքայի, Պուլկարիոյ, Գերմանիոյ, Լաթվիոյ, Էսթոնիոյ, Լիթուանիոյ, Իտալիոյ, Լեհաստանի, Կիպրոսի, Չեխիոյ, Ռումանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ»։

Նախորդ նիւթը

Մելանի Ժոլի Կը Պարգեւատրուի ՀԲԸՄ-ի «Պօղոս Նուպար» Մրցանակով

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss