Մելանի Ժոլի Կը Պարգեւատրուի ՀԲԸՄ-ի «Պօղոս Նուպար» Մրցանակով

Գանատայի արդիւնաբերութեան նախարար եւ արտաքին գործերու նախկին նախարար Մելանի Ժոլի, Մոնրէալի մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) 94-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արժանացաւ հեղինակաւոր «Պօղոս Նուպար» մրցանակին։ ՀԲԸՄ-ի բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը կը շնորհուի հայ ժողովուրդին եւ համայնքին մատուցուած բացառիկ ծառայութիւններուն եւ նշանակալի ներդրումներուն համար։ Ժոլի կարեւոր դեր ունեցած է Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ, յատկապէս 2021-2025 թուականներուն՝ Գանատայի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնը վարած ժամանակ։ Ան բազմիցս անդրադարձած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն եւ Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան հետեւանքներուն։ Մրցանակը ստանալուն առիթով իր շնորհակալութիւնը յայտնելով՝ Ժոլի ինքզինք բնորոշեց որպէս հայ համայնքի հպարտ դաշնակից։ Ան ընդգծեց Գանատայի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան,
հեղինակ՝
19 Հոկտեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում
Melanie Joly, Canada's foreign affairs minister, speaks during a news conference in Ottawa, Ontario, Canada, on Tuesday, Oct. 26, 2021. Prime Minister Justin Trudeau unveiled a new cabinet that puts an environmental activist in charge of climate policy, while shuffling other key posts in a bid by the Canadian prime minister to breathe new life into an administration entering its seventh year in power. Photographer: David Kawai/Bloomberg

Գանատայի արդիւնաբերութեան նախարար եւ արտաքին գործերու նախկին նախարար Մելանի Ժոլի, Մոնրէալի մէջ, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) 94-րդ Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արժանացաւ հեղինակաւոր «Պօղոս Նուպար» մրցանակին։

ՀԲԸՄ-ի բարձրագոյն պարգեւներէն մէկը կը շնորհուի հայ ժողովուրդին եւ համայնքին մատուցուած բացառիկ ծառայութիւններուն եւ նշանակալի ներդրումներուն համար։

Ժոլի կարեւոր դեր ունեցած է Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ, յատկապէս 2021-2025 թուականներուն՝ Գանատայի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնը վարած ժամանակ։ Ան բազմիցս անդրադարձած է Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններուն եւ Արցախի հայ բնակչութեան բռնի տեղահանութեան հետեւանքներուն։

Մրցանակը ստանալուն առիթով իր շնորհակալութիւնը յայտնելով՝ Ժոլի ինքզինք բնորոշեց որպէս հայ համայնքի հպարտ դաշնակից։ Ան ընդգծեց Գանատայի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, տեղահանուած արցախահայերու անվտանգ վերադարձի իրաւունքին, հայ գերիներու ազատ արձակման եւ հայկական մշակութային ու կրօնական ժառանգութեան պահպանման։

Ան նաեւ շեշտեց Երեւանի մէջ Գանատայի մնայուն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն հաստատելու կարեւորութիւնը, յիշեցնելով որ Հայաստանի մէջ գանատական դեսպանատուն բանալու հարցը առաջադրած էր 2015-ին։

2023-ի Հոկտեմբերին Ժոլի այցելեց Հայաստան՝ պաշտօնապէս բանալու Երեւանի մէջ Գանատայի առաջին մնայուն դեսպանատունը։ Այցելութեան ընթացքին ան յայտարարեց տեղահանուած արցախահայերուն ուղղուած լրացուցիչ մարդասիրական օգնութեան մասին՝ Գանատայի ընդհանուր օժանդակութիւնը հասցնելով 3,9 միլիոն տոլարի։

15-17 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ՀԲԸՄ-ի 94-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցեցան աւելի քան 30 երկիրներէ ժամանած պատուիրակներ եւ համայնքային ղեկավարներ։ Ժողովը զուգադիպեցաւ կազմակերպութեան հիմնադրութեան 120-ամեակին եւ ընդգրկեց Հայաստանի մարտահրաւէրներուն ու ապագայ զարգացման հեռանկարներուն նուիրուած քննարկումներ։

«Պօղոս Նուպար» մրցանակը կը գնահատէ Մելանի Ժոլիի երկարամեայ ներգրաւուածութիւնը հայկական հարցերուն մէջ եւ Գանատայի ու Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական կապերու ամրապնդման ուղղութեամբ անոր ներդրումները։

Նախորդ նիւթը

Հայաստան Կը Դիրքաւորուի Որպէս Միջազգային Բարձր Մակարդակի Միջոցառումներ Հիւրընկալող Երկիր. Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր