ԸՆԿԵՐ ՏՈՔԹ. ԱՒԵՏԻՍ ՏԱՔԷՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՔԱՆԱՏԱՅԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ եւ միաժամանակ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան եւ իր կողակիցը՝ ընկերուհի Եւիկ, որոնք անձնական ուղեւորութեամբ կը գտնուին Քանատա, ջերմ եւ բարեկամական այցելութեամբ մը ներկայացան տեղւոյն Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։ Ընկեր եւ ընկերուհի Տաքէսեաններուն կ՚ընկերակցէին ՌԱԿ Արեւելեան Քանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Արա Պալեան, եւ շրջանակի գործադիր յանձնախումբի անդամ ու բարերար ընկեր Յովիկ Կէպէնլեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ՌԱԿ Արեւելեան Քանատայի շրջանակը, վերջերս յայտնուած վերանորոգ, գովելի աշխուժացումով մը, կառչած կը մնայ իրաւական իր ակունքներուն։ Պատուիրակութիւնը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Քանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի, նորանշանակ
հեղինակ՝
11 Նոյեմբերի 2026
9 ր. ընթերցում

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 9, 2026-ին, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ եւ միաժամանակ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան եւ իր կողակիցը՝ ընկերուհի Եւիկ, որոնք անձնական ուղեւորութեամբ կը գտնուին Քանատա, ջերմ եւ բարեկամական այցելութեամբ մը ներկայացան տեղւոյն Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն։

Ընկեր եւ ընկերուհի Տաքէսեաններուն կ՚ընկերակցէին ՌԱԿ Արեւելեան Քանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկեր Արա Պալեան, եւ շրջանակի գործադիր յանձնախումբի անդամ ու բարերար ընկեր Յովիկ Կէպէնլեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ՌԱԿ Արեւելեան Քանատայի շրջանակը, վերջերս յայտնուած վերանորոգ, գովելի աշխուժացումով մը, կառչած կը մնայ իրաւական իր ակունքներուն։

Պատուիրակութիւնը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Քանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիկին Անահիտ Յարութիւնեանի, նորանշանակ հիւպատոս Պրն. Վահէ Յակոբեանի եւ Դեսպանատան գործադիր օգնական Տիկին Լաուրա Սաղաթելեանի կողմէ։

Ընկեր Տոքթ. Տաքէսեան Դեսպան Տիկին Յարութիւնեանին ջերմ ողջոյններ ու բարեմաղթութիւններ փոխանցելէ ետք, քննարկումները կեդրոնացան հայ ժողովուրդին վերաբերող կարգ մը կարեւոր հարցերու եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ապագայ գործունէութիւններու առնչութեամբ։ Ընկեր Տոքթ. Տաքէսեան տեղեկութիւններ փոխանցեց անցեալ Մայիս ամսուն կայացած ՌԱԿ Լ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին մասին, որու ընթացքին կեանքի կոչուեցաւ ղեկավար նոր կազմ մը՝ նշանաւորելով կարեւոր նոր հանգրուան մը։

Յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ վերջին շրջանին ՌԱԿ-ի Արեւելեան Քանատայի շրջանակի հիմնական վերակազմաւորման, որ յստակ նոր յանձնառութիւն մըն է կուսակցութեան տեղւոյն գործունէութիւնը ծաւալելու եւ ամրապնդելու։

Ընդգծուեցաւ նաեւ, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որպէս անշեղօրեն պետականամէտ խմբաւորում, տարիներ շարունակ հետեւողականօրէն կանգնած է Հայաստանի կառավարութեան կողքին՝ զօրակցելով անոր ջանքերուն եւ հաւատարիմ մնալով մեր հայրենիքին ու հայրենաբանակ մեր ժողովուրդին շահերուն ու բարօրութեան։ Զրոյցի ընթաքին վերահաստատուեցաւ նաեւ, որ հայկական Սփիւռքը պատասխանատու կերպով պէտք է շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի պահպանումը, եւ յարաճուն կերպով յառաջ տանի պահանջատիրութեան իր առաքելութիւնը։

Քննարկուած բազմաթիւ այլ նիւթերու շարքին ընդգծուեցաւ որ երիտասարդութեան մէջ ներդրում կատարելը էական նշանակութիւն ունի ազգային մեր ինքնութեան, կազմակերպական, արժէքներուն եւ նուիրումի պահպանման, ապագայ սերունդներուն հանդէպ մեր պարտաւորութեանց շարունակութեան, ինչպէս նաեւ հայկական պահանջատիրութեան կորովի հետապնդումը երաշխաւորելու համար։

Շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած բովանդակալից քննարկումներէն, ջերմ զրոյցներէն եւ հիւրընկալութենէն ետք, ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը իր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնեց Դեսպան Տիկին Յարութիւնեանին եւ դեսպանատան անձնակազմին՝ իրենց ցուցաբերած սիրալիր ընդունելութեան համար։

Այցելութիւնը աւարտեցաւ փոխադարձ յարգանքի, ջերմ բարեմաղթութիւններու եւ տեղւոյն հայ համայնքին ու ազգային հաստատութիւններուն շարունակական ամրապնդման ուղղուած միասնական յանձնառութեան արտայայտութեամբ։

Նախորդ նիւթը

Էլիզէի Պալատին Մէջ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի Հանդիպում

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss