Ղարաբաղէն Տեղահանուած Շուրջ 25 Հազար Մարդ Պետութեան Աջակցութեամբ Տուն Գնած Է Կամ Կը Կառուցէ

«Ղարաբաղէն տեղահանուած շուրջ 25 հազար քաղաքացի պետութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերած է կամ կը գտնուի բնակարանի կառուցման փուլին մէջ»։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարի խորհրդական Գայիանէ Ղարագէօզեան։ Անոր խօսքով՝ բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրով արդէն հաստատուած է 9042 ընտանիքի վկայագիր, որոնք կ՚ընդգրկեն շուրջ 37 հազար մարդ։ Անոնցմէ 5372 ընտանիք արդէն իրացուցած է վկայագիրը։ «Այս պահուն բաւական աշխոյժ շրջան է թէ՛ դիմելիութեան, թէ՛ վկայագրերու իրացման առումով»,- ըսած է Ղարագէօզեան։ Ան աւելցուցած է, որ վկայագիր ստացած ընտանիքներէն 396-ը ընտրած է բնակարանի կառուցման տարբերակը, որոնցմէ 107-ն արդէն իրացուցած է վկայագիրը։ «Սակայն հիմա ունինք իրավիճակ մը, որ
հեղինակ՝
9 Նոյեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

«Ղարաբաղէն տեղահանուած շուրջ 25 հազար քաղաքացի պետութեան աջակցութեամբ Հայաստանի մէջ անշարժ գոյք ձեռք բերած է կամ կը գտնուի բնակարանի կառուցման փուլին մէջ»։

Այս մասին յայտնած է ՀՀ աշխատանքի եւ բարեկեցութեան նախարարի խորհրդական Գայիանէ Ղարագէօզեան։

Անոր խօսքով՝ բնակարանային ապահովման պետական աջակցութեան ծրագրով արդէն հաստատուած է 9042 ընտանիքի վկայագիր, որոնք կ՚ընդգրկեն շուրջ 37 հազար մարդ։ Անոնցմէ 5372 ընտանիք արդէն իրացուցած է վկայագիրը։

«Այս պահուն բաւական աշխոյժ շրջան է թէ՛ դիմելիութեան, թէ՛ վկայագրերու իրացման առումով»,- ըսած է Ղարագէօզեան։

Ան աւելցուցած է, որ վկայագիր ստացած ընտանիքներէն 396-ը ընտրած է բնակարանի կառուցման տարբերակը, որոնցմէ 107-ն արդէն իրացուցած է վկայագիրը։

«Սակայն հիմա ունինք իրավիճակ մը, որ երկրորդային շուկային մէջ պատրաստի տուները կարծես սպառած են, եւ մեր շահառուներուն մեծ մասu այլեւս կ՚ապաւինի կառուցապատման բաղադրիչին»,- ըսած է ան։

Ամենաշատ վկայագրեր իրացուած են Կոտայքի մարզին մէջ։ Ըստ ներկայացուած տուեալներու՝ հոն բնակարան ձեռք բերած է 1534 ընտանիք։ Կը հաջորդեն Արմաւիրի եւ Արարատի մարզերը՝ համապատասխանաբար 830 եւ 740 ընտանիքով։ Երեւանի մէջ վկայագիր իրացուցած է 537 ընտանիք։

«Լոռին եւ Սիւնիքը՝ 442 եւ 264 ցուցանիշով, Գեղարքունիքի մէջ ունինք 204 ընտանիք, Շիրակի մէջ՝ 191, Արագածոտնի մէջ՝ 184, Տաւուշի մէջ՝ 111, Վայոց Ձորի մէջ՝ 74 ընտանիք, որոնք իրացուցած են վկայագրերը»,- մանրամասնած է ան։

Անդրադառնալով անշարժ գոյքի գիներու բարձրացման վերաբերեալ մտահոգութիւններուն՝ ան ընդգծած է, որ խնդիրը հիմնականօրէն կը վերաբերի Երեւանին, ուր ծրագրով նախատեսուած աջակցութեան չափը իւրաքանչիւր ընտանիքի անդամի հաշիւով 3 միլիոն դրամ է։

Նախորդ նիւթը

Փաշինեան. Փտածութեան Կանխարգիլումը Հայաստանի Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնն Է

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss