Փաշինեան. Պաշտօնապէս Կրնանք Դիմել ԵՄ Անդամակցութեան Գործընթացի Համար

«Մենք պատրաստ չենք դուրս գալու ԵԱՏՄ-էն։ Գիտենք նաեւ, որ ԵԱՏՄ գործընկերները կը բարձրացնեն կողմնորոշուելու հարցը, բայց ես ըսած եմ՝ հանրաքուէի առարկայ այս պահուն գոյութիւն չունի։ ԵՄ-ին անդամագրուելու հարցով պէտք է որոշակի ընթացակարգերով անցնիլ»,- ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ վստահեցուցած, որ բոլոր գործողութիւնները կը տանին անոր, որ 2027 կամ 2028-ին պաշտօնապէս դիմեն ԵՄ-ին անդամակցութեան լիարժէք գործընթաց սկսելու համար։ «Մանաւանդ եթէ գործող օրէնք կայ»,-ըսած է վարչապետը։ Անդրադառնալով ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի յայտարարութեան, թէ ռուսական կողմը անդամավճար չմուծելու համար Հայաստանը հեռացնելու նախագիծ ներկայացուցած է, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Մեր հետաքրքրութիւնները սպառած են․ մենք ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած այլեւս հետաքրքրութիւն չունինք»։
հեղինակ՝
5 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

«Մենք պատրաստ չենք դուրս գալու ԵԱՏՄ-էն։ Գիտենք նաեւ, որ ԵԱՏՄ գործընկերները կը բարձրացնեն կողմնորոշուելու հարցը, բայց ես ըսած եմ՝ հանրաքուէի առարկայ այս պահուն գոյութիւն չունի։ ԵՄ-ին անդամագրուելու հարցով պէտք է որոշակի ընթացակարգերով անցնիլ»,- ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ վստահեցուցած, որ բոլոր գործողութիւնները կը տանին անոր, որ 2027 կամ 2028-ին պաշտօնապէս դիմեն ԵՄ-ին անդամակցութեան լիարժէք գործընթաց սկսելու համար։

«Մանաւանդ եթէ գործող օրէնք կայ»,-ըսած է վարչապետը։

Անդրադառնալով ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի յայտարարութեան, թէ ռուսական կողմը անդամավճար չմուծելու համար Հայաստանը հեռացնելու նախագիծ ներկայացուցած է, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Մեր հետաքրքրութիւնները սպառած են․ մենք ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած այլեւս հետաքրքրութիւն չունինք»։

Նախորդ նիւթը

Միրզոյեան` Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացներուն Մասին

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss