Սիրտի դառն կսկիծով ստացանք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան նուիրեալ անդամ՝ ընկեր Հրայր Ճըղալեանի մահուան գոյժը։
Ողբացեալ մեր ընկերը, որ զոհ գացած է ինքնաշարժային անողոք արկածի մը, ծնած էր Գահիրէ, 1955-ին, եւ շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր կը գլխաւորէր ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանային Վարչութիւնը, միաժամանակ ըլալով նաեւ եգիպտահայ գաղութի ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն մին։
Աւելի երիտասարդ տարիքին եղած էր համբաւ վայելող, ակնառու մարզիկ, տարիներ շարունակ հանդիսացած ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.-Նուպար-ի պասքէթպոլի խումբին «աստղ»ը։ Եղած էր նաեւ Հայ Գեղարուեստասիրաց Միութեան երիտասարդաց յանձնախումբի ամէնէն կարկառուն անդամներէն մին։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ԻԴ. Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին կողմէ (Աթէնք, 2006) ընտրուած եւ շրջան մը յաջող կերպով պաշտօնավարած էր նաեւ իբրեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
Ողբացեալ ընկեր Հրայր Ճրղալեանի անժամանակ մահուան տխուր առիթով, ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեանս եւ աշխարհասփիւռ համայն անդամակցութեան խորազգաց վշտակցութիւները կը յայտնենք իր եղբօր՝ Աւետիսին, իր քրոջ՝ Անահիտին, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Եգիպտոսի մեր ամբողջ շրջանակին։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ