Սլովենիոյ Արտաքին Եւ Եւրոպական Գործերու Նախարար Թոնէ Քայզեր Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

29 Հոկտեմբերին Սլովենիոյ Հանրապետութեան արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Թոնէ Քայզերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի, Սլովենիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սլովենիոյ դեսպան Մաթեյա Փրեւոլշեքի ուղեկցութեամբ։ Պատուիրակութիւնը դիմաւորած եւ ուղեկցած է ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը։ Թոնէ Քայզեր ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ուր ՀՑԹՀ թանգարանային աշխատանքներու մասով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են Հայոց
հեղինակ՝
29 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

29 Հոկտեմբերին Սլովենիոյ Հանրապետութեան արտաքին եւ եւրոպական գործերու նախարար Թոնէ Քայզերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեանի, Սլովենիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սլովենիոյ դեսպան Մաթեյա Փրեւոլշեքի ուղեկցութեամբ։

Պատուիրակութիւնը դիմաւորած եւ ուղեկցած է ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը։

Թոնէ Քայզեր ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Պատուիրակութեան անդամները այցելած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան, ուր ՀՑԹՀ թանգարանային աշխատանքներու մասով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան տարբեր ասպէկտներուն:

Շրջայցի աւարտին Թոնէ Քայզեր գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: Աւարտին ՀՑԹՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ Թոնէ Քայզերին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը։

Նախորդ նիւթը

Սահմանադրութեան Դէմ Քուէարկել Պիտի Նշանակէ Դէմ Քուէարկել Խաղաղութեան․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss