Հիացած Ենք Տեսնելով, Թէ Ուր Հասած Է Հայաստանը. Սէուտական Արաբիոյ Իշխան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան իշխան Ապտըլազիզ պըն Թալալ Ալ Սաուտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Վարչապետը ողջունած է Ապտուլազիզ պին Թալալ Ալ Սաուտի այցը Հայաստան եւ կարեւորած է Արքայազն Թալալի անուան մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի այս տարուան մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը Հայաստանի մէջ կատարելը։ «Ասիկա մեզի համար շատ լաւ ու հաճելի նորութիւն է։ Մենք գիտենք, որ այն շատ հեղինակաւոր մրցանակ է, եւ այս երեկոյ ես նոյնպէս պիտի մասնակցիմ այդ արարողութեան, ինչ որ մեծ պատիւ է ինծի համար։ Գիտէք, որ Հայաստանի մէջ կ՚ընթանայ COP17-ը։ Կենսաբազմազանութեան ու կայունութեան հարցերը կը դառնան աւելի ու աւելի կարեւոր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։ Յոյս ունիմ, որ
հեղինակ՝
28 Հոկտեմբերի 2026
7 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Կառավարութեան մէջ հիւրընկալած է Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան իշխան Ապտըլազիզ պըն Թալալ Ալ Սաուտի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Վարչապետը ողջունած է Ապտուլազիզ պին Թալալ Ալ Սաուտի այցը Հայաստան եւ կարեւորած է Արքայազն Թալալի անուան մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի այս տարուան մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը Հայաստանի մէջ կատարելը։ «Ասիկա մեզի համար շատ լաւ ու հաճելի նորութիւն է։ Մենք գիտենք, որ այն շատ հեղինակաւոր մրցանակ է, եւ այս երեկոյ ես նոյնպէս պիտի մասնակցիմ այդ արարողութեան, ինչ որ մեծ պատիւ է ինծի համար։ Գիտէք, որ Հայաստանի մէջ կ՚ընթանայ COP17-ը։ Կենսաբազմազանութեան ու կայունութեան հարցերը կը դառնան աւելի ու աւելի կարեւոր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար։ Յոյս ունիմ, որ միջազգային համագործակցութեան շնորհիւ մենք ի վիճակի պիտի ըլլանք որեւէ լուծում գտնել այս համաշխարհային խնդիրին»,– նշած է Նիկոլ Փաշինեան։

Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորութեան իշխանը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ նշած է․ «Ասիկա վերջին երկու տարիներու ընթացքին իմ երկրորդ այցս է Հայաստան։ Անկեղծ ըսած, ամէն անգամ, երբ կ՚այցելեմ Հայաստան, ցանկութիւն կ’առաջանայ կրկին այցելել։ Կը փորձեմ այնպէս ընել, որ իմ կինս ու ընտանիքս նոյնպէս այցելեն Հայաստան, ոչ թէ ուղղակի ծանօթանալու երկրին, հիանալի մշակոյթին ու դարաւոր պատմութեան, այլ նաեւ նախանշելու այն նախագիծերը, որոնք կրնանք համատեղ իրականացնել Հայաստանի մէջ։ Ի հարկէ, Արքայազն Թալալի անուան մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի յանձնման արարողութիւնը Հայաստանի մէջ կատարելը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Նախորդ տարիներու ընթացքին Հայաստանը շարք մը փուլերէ անցած է, եւ այսօր մենք հիացած ենք տեսնելով, թէ ուր հասած է ան։ Նաեւ COP17-ը հոս կատարելը շատ կարեւոր է»։

Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան–Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարները։ Կողմերը կարեւորած են երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման փաստը եւ համոզում յայտնած, որ ան նոր ազդակ պիտի հաղորդէ տարբեր ոլորտներու մէջ փոխգործակցութեան զարգացման եւ կապերու ընդլայնման։ Միտքեր փոխանակուած են նաեւ Հայաստանի մէջ ներդրումային նախագիծերու իրականացման հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Ապտուլազիզ պին Թալալ Ալ Սաուտ անդրադարձած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան հարցերու։ Երկուստեք ընդգծուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ու տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը։

Նախորդ նիւթը

ԱԺ-ն Ընդունեց ԹՐԻՓՓ-ի Վերաբերեալ Ռազմավարական Համագործակցութեան Մասին Շրջանակային Համաձայնագիրը Վաւերացնելու Նախագիծը

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss