Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Եւրոպական յանձնաժողովի ընդլայնման եւ արեւելեան հարեւանութեան հարցերով գլխաւոր տնօրէնութեան ղեկավար Կերթ Յան Քուփմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը կարեւորած է Հայաստան–Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու հետեւողական զարգացումը եւ ընդգծած, որ կողմերը աշխոյժ կերպով կը զարգացնեն գործընկերութիւնը բոլոր հնարաւոր ոլորտներուն մէջ։ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ ՀՀ Կառավարութիւնը շահագրգռուած է փոխադրութեան, ուժանիւթի, թուայնացման ոլորտներուն մէջ կապերու խորացումով ու ընդլայնումով, ինչպէս նաեւ ընդհանուր տնտեսական բազմազանեցումով եւ դիմակայունութեան ամրապնդումով։ Երկրի ղեկավարը եւս մէկ անգամ ընդգծած է հայկական ապրանքներու արտահանման խթանման ուղղուած ԵՄ աջակցութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ արտադրողներուն ու արտահանողներուն անհրաժեշտ տեխնիկական կարողութիւններու զարգացման նպատակով ծրագրերու իրականացումը։

Կերթ Յան Քուփման նշած է, որ ԵՄ կ՚ողջունէ ՀՀ Կառավարութեան բարեփոխումներու յաւակնոտ օրակարգը եւ պատրաստ է հետեւողականօրէն աջակցելու այդ գործընթացին՝ ընդլայնելով համագործակցութիւնը բոլոր այն ոլորտներուն մէջ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի կայուն զարգացման։
Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններու ընթացիկ փուլին, տնտեսական եւ ոլորտային համագործակցութեան, թուայնացման, ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։
Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան, տարածաշրջանային հաղորդուղիներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր։