Փարիզի քաղաքապետի միջազգային եւ եւրոպական յարաբերութիւններու եւ Ֆրանքոֆոնի հարցերով տեղակալ Օտրի Փուլվար եւ միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով գլխաւոր պատուիրակի տեղակալ Պենուա Հերցպրուն 22 Հոկտեմբերին այցելած են Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր։
Թանգարան-հիմնարկի տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ ՀՑԹՀ-ի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեան հիւրերուն ներկայացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններն ու նշանակութիւնը։
Օտրի Փուլվար ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Հիւրերը շրջայց կատարած են Թանգարան-հիմնարկին մէջ, ծանօթացած մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։
Այցի աւարտին Օտրի Փուլվար գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։