24 Հոկտեմբերին Լիոնի քաղաքապետարանի պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Լիոնի փոխքաղաքապետ, կենսաբազմազանութեան հարցերով պատասխանատու Սոֆիա Փոփոֆ, Կենսաբազմազանութեան եւ քաղաքային բնութեան վարչութեան տնօրէն Սեպասթիան Պուշէ եւ Մարդու իրաւունքներու, քաղաքային դիւանագիտութեան եւ կլիմայական դիւանագիտութեան ծրագրերու ղեկավար Ժիւլիէն Կուրտէն։

Հիւրերը դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեան։ Ան ներկայացուցած է Յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, ճարտարապետական առանձնայատկութիւններն ու նշանակութիւնը։
Տիկին Սոֆիա Փոփոֆ ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Լուսինէ Աբրահամեան հիւրերուն ուղեկցած է Յուշապատին մօտ, որու ետնամասին մէջ յատուկ խորշերու մէջ ամփոփուած են 19-րդ դարավերջին եւ 20-րդ դարասկիզբին թրքական կառավարութեան իրագործած հայերու զանգուածային կոտորածներուն եւ ցեղասպանութեան դէմ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած օտարազգի շարք մը հասարակական, քաղաքական գործիչներու, մտաւորականներու եւ միսիոնարներու գերեզմաններէն առնուած հողով լի փոքր սափորները։ Հիւրերը մեծ հետաքրքրութեամբ լսած են յատկապէս Անաթոլ Ֆրանսի եւ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուռնէի հայանպաստ գործունէութեան մասին։
Ֆրանսայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները շրջայց կատարած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացած մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն։ Այցի աւարտին Սոֆիա Փոփոֆ գրառում կատարած է Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ։