ԱՄՆ 1,4 Միլիոն Տոլարի Սարքաւորումներ Նուիրաբերած Է ԱԱԾ Սահմանապահ Զօրքերուն

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգները շուրջ 1,4 միլիոն տոլար արժողութեամբ փոխադրամիջոցներ եւ մասնագիտացուած սարքաւորումներ նուիրաբերած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) Սահմանապահ զօրքերուն։ Արարողութեան մասնակցած են անվտանգութեան աջակցութեան ծրագրերու մասով ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարի տեղակալ Շոնա Ուիլսընը, ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալլէնը եւ ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու շտապի պետ, գնդապետ Ռոման Սահակեանը։ Նուիրատուութիւնը կատարուած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան արտահանման հսկողութեան եւ սահմանային անվտանգութեան (EXBS) ծրագիրին կողմէ։ Ան կը ներառէ փոխադրամիջոցներ, շտապօգնութեան ինքնաշարժներ, պաշտպանական սարքաւորումներ, տեխնիկական սպասարկման գործիքներ, ինչպէս նաեւ ժամանակակից տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու սարքաւորումներ Այրումի սահմանային անցակէտին համար։ Սարքաւորումները պիտի արտօնեն մեծցնել անցակէտի թողունակութիւնը, պիտի ամրապնդեն սահմաններու
հեղինակ՝
23 Հոկտեմբերի 2026
5 ր. ընթերցում

ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպանատունէն յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգները շուրջ 1,4 միլիոն տոլար արժողութեամբ փոխադրամիջոցներ եւ մասնագիտացուած սարքաւորումներ նուիրաբերած է ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) Սահմանապահ զօրքերուն։ Արարողութեան մասնակցած են անվտանգութեան աջակցութեան ծրագրերու մասով ԱՄՆ պետական փոխքարտուղարի տեղակալ Շոնա Ուիլսընը, ԱՄՆ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Տէյվիտ Ալլէնը եւ ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու շտապի պետ, գնդապետ Ռոման Սահակեանը։

Նուիրատուութիւնը կատարուած է ԱՄՆ Պետական քարտուղարութեան արտահանման հսկողութեան եւ սահմանային անվտանգութեան (EXBS) ծրագիրին կողմէ։ Ան կը ներառէ փոխադրամիջոցներ, շտապօգնութեան ինքնաշարժներ, պաշտպանական սարքաւորումներ, տեխնիկական սպասարկման գործիքներ, ինչպէս նաեւ ժամանակակից տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու սարքաւորումներ Այրումի սահմանային անցակէտին համար։ Սարքաւորումները պիտի արտօնեն մեծցնել անցակէտի թողունակութիւնը, պիտի ամրապնդեն սահմաններու կառավարման կարողութիւնները եւ պիտի նպաստեն ՀՀ սահմանապահ զօրքերու արդիականացման ընթացիկ գործընթացին։

Նուիրատուութիւնը կ՚արտացոլէ սահմանային անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայ-ամերիկեան ամուր գործընկերութիւնը։ ԱՄՆ աջակցութիւնը պիտի օգնէ ամրապնդել ՀՀ ԱԱԾ Սահմանապահ զօրքերու կարողութիւնները՝ պաշտպանելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ ապահովելու մարդոց եւ ապրանքներու անվտանգ տեղաշարժը՝ երկրի սահմաններու պահպանութեան առաւել մեծ պատասխանատուութեան ստանձնմանը զուգընթաց։ Սա կը ներառէ պահպանութիւնը տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան համար կարեւոր երթուղիներու երկայնքին եւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) նախագիծի ծիրին մէջ։

Նախորդ նիւթը

Պաղեստինահայ Լուսանկարիչ Հրանդ Նագգաշեանի Ստեղծագործութիւններու Ցուցահանդէս (Լուսանկարներ)

Յաջորդ նիւթը

Փարիզի Քաղաքապետարանի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss