17 Հոկտեմբերին Հայաստանի ազգային պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ պաղեստինահայ նշանաւոր լուսանկարիչ Հրանդ Նագգաշեանի (1921–1991) ստեղծագործութեան նուիրուած անհատական առաջին ցուցահանդէսը Հայաստանի մէջ (համադրող՝ Վիգէն Գալստեան)։
Ցուցահանդէսին ներկայացուած են լուսանկարիչի զաւակներուն՝ Սարօ եւ Անուշ Նագգաշեաններու տրամադրած երեսուն բնօրինակ մամլային տպածոները, որոնք համալրուած են գանատահայ լուսանկարիչ Օշին Յարութիւնեանի պատրաստած եօթը նոր տպածոներով։




1950–1960-ական թուականներու Կազայի պաղեստինեան կեանքը վաւերագրող այս բացառիկ քատրերը նոր շունչով կը ներկայանան յատկապէս այսօր, երբ Կազայի պատմամշակութային ժառանգութիւնը կ՚ենթարկուի աննախադէպ աւերածութեան։
Նագգաշեանի աշխատանքները մարդասիրական հայեացքով կը բացայայտեն տեղահանուած մարդոց տոկունութիւնը, ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը պահպանելու վճռականութիւնը։
Կենսագրական գիծեր
1921
Ծնած է Թուրքիոյ Սեբաստիոյ նահանգի Գեմերեկ բնակավայրը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուելով՝ իր ընտանիքը ապաստան կը գտնէ Պէյրութի մէջ։
1932 (?)-1937
Կը յաճախէ Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը, ուր իր ուսուցիչներուն շարքին կը գտնուէին հայ նշանաւոր գրողներ եւ մտաւորականներ՝ Յակոբ Օշական, Վահան Թէքէեան եւ Վահէ Վահեան։ Ուսումը կ՚աւարտէ 1937-ին։ Իր ուսուցիչին՝ Վահան Թէքէեանի միջնորդութեամբ, կ՚անդամակցի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, եւ բանաստեղծներու իշխանը կը դառնայ իր կուսակցական կնքահայրը:
1937-1942
Կը դասաւանդէ Լիբանանի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) եւ հայկական այլ վարժարաններու մէջ։
1942
Դասաւանդելու հրաւէր կը ստանայ Պաղեստինի Եաֆա քաղաքի հայկական վարժարանին մէջ։ Լուսանկարիչ եղբօրը՝ Սուքիաս Նագգաշեանի մօտ կարճատեւ աշակերտելէ ետք, կը հիմնէ իր սեփական լուսանկարչատունը՝ «Վենուս»ը։ Իր լուսանկարած անձնաւորութիւններուն շարքին էին հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչներ Վահան Թէքէեան, Յակոբ Օշական, Շահան Պէրպէրեան եւ ուրիշներ։
1948
Եաֆայէն բռնի տեղահանուելու հետեւանքով կը կորսնցնէ իր լուսանկարչական ամբողջ արխիւը։ Իր կնոջ եղբօր՝ լուսանկարիչ Գեղամ Ճեղալեանի հրաւէրով կը տեղափոխուի Կազա, ուր 1950-ականներու սկիզբը կը հիմնէ «Սթիւտիօ Հրանդ» լուսանկարչատունը։
1950-ականներու սկիզբը
Կը գործակցի միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ ՄԱԿ-ի Պաղեստինցի Փախստականներու Օգնութեան եւ Աշխատանքներու Գործակալութեան (UNRWA) եւ ՄԱԿ-ի Արտակարգ Ուժերուն (UNEF) հետ՝ լուսանկարելով Կազա այցելող բարձրաստիճան պաշտօնեաները եւ վաւերագրելով պաղեստինցի գաղթականներու ճամբարներու առօրեան։
1950-ականներու կէսերը
Խոր հետաքրքրութիւն կը սկսի ցուցաբերել հնագիտութեան նկատմամբ եւ կ՚ուսումնասիրէ Կազայի շրջանի հնագիտական ժառանգութիւնը։ Կազայի մէջ իր նկարած լուսանկարներուն ընտրանին կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնատեղիին մէջ։
1960
Կ՚ամուսնանայ հայերէնի երկարամեայ ուսուցչուհի Արփինէ Սարգսեանի հետ։ Կ՚ունենան երկու զաւակ՝ Սարօ եւ Անուշ։
1963
Կազայի, Գահիրէի եւ Քուէյթի մէջ կը կազմակերպէ իր առաջին անհատական ցուցահանդէսները՝ ներկայացնելով պաղեստինցի գաղթականներու կեանքը պատկերող լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ Հին Եգիպտոսի յուշարձաններուն եւ հնագիտական վայրերուն տեսարանները։
1967
Վեցօրեայ պատերազմէն ետք կը տեղափոխուի Երուսաղէմ՝ Կազայի մէջ ձգելով իր լուսանկարչական արխիւին զգալի մասը։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի Ժառանգաւորաց վարժարանին մէջ դասաւանդելու հրաւէր կը ստանայ, ուր կը դասաւանդէ հայ գրականութիւն եւ պատմութիւն։ Կը դադրեցնէ լուսանկարչական գործունէութիւնը՝ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելով մանկավարժութեան, գրական ստեղծագործութեան եւ պատմագիտական հետազօտութիւններու վրայ։
1970-1980-ականներ
Կը հրատարակէ գրական եւ պատմագիտական աշխատութիւններ, ներառեալ՝ «Դրաստամատ կ՚երթայ Անյուշ բերդը» եւ «Աքսորեալները» վիպակները, Աւարայրի ճակատամարտին նուիրուած ուսումնասիրութիւն մը եւ Կիլիկիոյ Լեւոն թագաւորին կենսագրութիւնը՝ նպատակ ունենալով ներկայացնել հայ ժողովուրդի բազմահազարամեայ պատմութիւնը։
1991
Կը մահանայ Երուսաղէմի մէջ՝ 70 տարեկանին։ Կը թաղուի Երուսաղէմի Սուրբ Փրկիչ հայկական պատմական գերեզմանատան մէջ։
1995
Երուսաղէմի մէջ կը բացուի Նագգաշեանի լուսանկարներուն յետմահու յետահայեաց ցուցահանդէսը։