Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հնագոյն մարդու հետքերով. քարի դար» խորագրով առաջին ցուցասրահի բացումը

Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ 9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ մշտական ցուցադրութեան վերաբացումը՝ «Հնագոյն մարդու հետքերով. քարի դար» խորագրով ցուցասրահի պաշտօնական բացմամբ։ Ցուցանմուշները կ’ընդգրկեն մեզմէ 1.8 միլիոն տարի առաջ պատրաստուած քարէ գործիքներէն մինչեւ Ք.ա. 5-րդ հազարամեակի տարբեր ուշագրաւ գտածոներ։ Ցուցադրութեան մասնաւորապէս ընդգրկուած են քարէդարեան բարձրարժէք նմուշներ Հայաստանի տարբեր հնավայրերէն, որոնց շարքին` 500-300 հազար տարուայ հնութիւն ունեցող ձեռքի հատիչ, Ք.ա. 6-րդ հազարամեակի թուագրուող քարէ կացին, Ք.ա. 5-րդ հազարամեակի թուագրուող փոքրիկ կաւանօթ, որու մէջ պահպանուած է օխրա ներկանիւթի փոշի եւ կիրառուած է նախնադարեան մարդու կողմէ, յատկապէս՝ թաղման ծէսի ժամանակ։ Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի նաեւ 2008 թ. «Արենի-1» քարանձաւի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած կաշիէ ոտնամանը, որ
7 Սեպտեմբերի 2022
4 ր. ընթերցում
Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հնագոյն մարդու հետքերով. քարի դար» խորագրով առաջին ցուցասրահի բացումը

Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ 9 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ մշտական ցուցադրութեան վերաբացումը՝ «Հնագոյն մարդու հետքերով. քարի դար» խորագրով ցուցասրահի պաշտօնական բացմամբ։

Ցուցանմուշները կ’ընդգրկեն մեզմէ 1.8 միլիոն տարի առաջ պատրաստուած քարէ գործիքներէն մինչեւ Ք.ա. 5-րդ հազարամեակի տարբեր ուշագրաւ գտածոներ։ Ցուցադրութեան մասնաւորապէս ընդգրկուած են քարէդարեան բարձրարժէք նմուշներ Հայաստանի տարբեր հնավայրերէն, որոնց շարքին` 500-300 հազար տարուայ հնութիւն ունեցող ձեռքի հատիչ, Ք.ա. 6-րդ հազարամեակի թուագրուող քարէ կացին, Ք.ա. 5-րդ հազարամեակի թուագրուող փոքրիկ կաւանօթ, որու մէջ պահպանուած է օխրա ներկանիւթի փոշի եւ կիրառուած է նախնադարեան մարդու կողմէ, յատկապէս՝ թաղման ծէսի ժամանակ։

Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի նաեւ 2008 թ. «Արենի-1» քարանձաւի պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած կաշիէ ոտնամանը, որ կը թուագրուի Ք.ա. 3600-3500 թուականներուն։ Այն պիտի ցուցադրուի ոտնամանի համար յատուկ կայուն պայմաններ ապահովող ցուցափեղկին մէջ, որ պատրաստուած է Կառավարութեան կողմէ դրամաշնորհի ձեւով տրամադրուող նիւթական աջակցութեան շնորհիւ։

Ցուցադրութիւնը կազմակերպուած է ՀՀ ԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի, «Արենի-1 քարայր» գիտահետազօտական հիմնադրամի, «Արմոս» կօշիկի ձեռնարկութեան, «Եունայթըտ Սթէյթս Օֆ Արմենիա» ազգային-հայրենասիրական հասարակական կազմակերպութեան եւ այլ գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ։

ՀՀ զինուած ուժերը կրակ չեն բացած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ․ ՊՆ
Նախորդ նիւթը

ՀՀ զինուած ուժերը կրակ չեն բացած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ․ ՊՆ

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըր պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան
Յաջորդ նիւթը

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին մէջ ԱՄՆ յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Ռիքըր պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան

ԱնցնիլՎեր