Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Եոհան Վատեֆուլի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ՀՀ ԱԳՄԱ նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանի, Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթոր Ենգիբարեանի եւ ՀՀ-ի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Քլաուտիա Պուշի ուղեկցութեամբ:
Հիւրերը դիմաւորած եւ այցի ընթացքին ուղեկցած է ՀՑԹՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը: Ան նախարարին համառօտ պատմած է Հայոց ցեղասպանութեան որոշ դրուագներու մասին, տեղեկատուութիւն ներկայացուցած է Յուշահամալիրի, ինչպէս նաեւ թանգարան-հիմնարկի եւ անոր գործունէութեան մասին:

Եոհան Վատեֆուլ ծաղկեպսակ դրած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, այնուհետեւ հիւրերը ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակի մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Գերմանիայէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները շրջած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ուր ՀՑԹՀ թանգարանային աշխատանքներու մասով փոխտնօրէն Լուսինէ Աբրահամեանի ուղեկցութեամբ ծանօթացած են թանգարանի մշտական եւ ժամանակաւոր ցուցադրութիւններուն: Աւարտին ՀՑԹՀ տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Հրաչեայ Թաշչեանը շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան համար եւ Յոհան Վատեֆուլին նուիրած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի պատկերագիրքը: