Հայաստանի եւ Գամպոտիայի Վարչապետներու Հանդիպում

Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 20-րդ գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Գամպոտիայի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի ու Հան Մանեթի հանդիպումը։ Զրուցակիցները բարձր գնահատած են Փնոմ Փենի մէջ ընթացող ՖՄԿ գագաթաժողովին ընթացքը եւ նշած, որ ան անցնած է արդիւնաւէտ քննարկումներով, որոնք կը նպաստեն կազմակերպութեան շրջագիծէն ներս պետութիւններու սերտ համագործակցութեան։ Հայաստանի եւ Գամպոտիայի վարչապետները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ու համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են առկայ ներուժի իրացման ուղղուած քայլերուն։ Չնայած պետութիւններու միջեւ առկայ հեռաւորութեան՝ կողմերը ընդգծած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման ու այդ ուղղութեամբ համատեղ քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը։ Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ խաղաղութեան
հեղինակ՝
16 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 20-րդ գագաթաժողովի շրջագիծէն ներս տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Գամպոտիայի վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի ու Հան Մանեթի հանդիպումը։

Զրուցակիցները բարձր գնահատած են Փնոմ Փենի մէջ ընթացող ՖՄԿ գագաթաժողովին ընթացքը եւ նշած, որ ան անցնած է արդիւնաւէտ քննարկումներով, որոնք կը նպաստեն կազմակերպութեան շրջագիծէն ներս պետութիւններու սերտ համագործակցութեան։

Հայաստանի եւ Գամպոտիայի վարչապետները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման ու համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձած են առկայ ներուժի իրացման ուղղուած քայլերուն։ Չնայած պետութիւններու միջեւ առկայ հեռաւորութեան՝ կողմերը ընդգծած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման ու այդ ուղղութեամբ համատեղ քայլերու իրականացման կարեւորութիւնը։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան եւ խաղաղութեան ուղղուած քայլերու շուրջ։

Նախորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Քաղաքացիական Հասարակութեան ներկայացուցիչները պիտի հանդիպին Երեւանի մէջ

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss