«20 Տարի Ետք Հայաստանը Կը Տեսնեմ Եւրոպական Միութեան Կազմին Մէջ». Փաշինեան

Տապլինի միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկին մէջ (IIEA) տեղի ունեցած քննարկումի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան իր տեսլականին։ Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան։ Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօ՞ք Հայաստանը կը փոխէ իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը, Փաշինեան նշած է, որ Երեւանը չի ձգտիր հեռանալու մէկ գործընկերէն՝ միւսին հետ մերձենալու համար։ «Հայաստանը հոն է, ուր եղած է եւ կայ․ Հայաստանը պիտի ըլլայ հոն, իր տեղը… Մենք չենք ուզեր հեռանալ որեւէ գործընկերէ եւ աւելի մօտ ըլլալ
հեղինակ՝
14 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Տապլինի միջազգային եւ եւրոպական հարցերու հիմնարկին մէջ (IIEA) տեղի ունեցած քննարկումի ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան իր տեսլականին։

Քննարկումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքական ուղղութեան։ Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօ՞ք Հայաստանը կը փոխէ իր արտաքին քաղաքական ուղղութիւնը, Փաշինեան նշած է, որ Երեւանը չի ձգտիր հեռանալու մէկ գործընկերէն՝ միւսին հետ մերձենալու համար։

«Հայաստանը հոն է, ուր եղած է եւ կայ․ Հայաստանը պիտի ըլլայ հոն, իր տեղը… Մենք չենք ուզեր հեռանալ որեւէ գործընկերէ եւ աւելի մօտ ըլլալ այլ գործընկերներու․ պարզապէս կ՚իրականացնենք, կ՚իրագործենք մեր հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռող արտաքին քաղաքականութիւնը»,- շեշտած է վարչապետը։

Ան այս ծիրէն ներս անդրադարձած է նաեւ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին՝ նշելով, որ անոր իրագործման արդիւնքով ոչ միայն Հայաստանը, այլեւ ամբողջ Հարաւային Կովկասը կրնայ վերածուիլ խաղաղութեան եւ փոխադրային հաղորդակցութիւններու խաչմերուկի։

Քննարկումի աւարտին Փաշինեանին հարց ուղղուած է, թէ ինչպիսին կը պատկերացնէ Հայաստանը 20 տարի ետք։ Վարչապետը պատասխանած է, որ այդ ժամանակ Հայաստանը կը տեսնէ Եւրոպական միութեան կազմին մէջ։

«Հայաստանը ես կը տեսնեմ Եւրոպական միութեան կազմին մէջ»,- յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան։

Նախորդ նիւթը

Մեզմէ Կախեալ Ամէն Ինչ Պիտի Ընենք, Որ Այդ Մարդիկ Բանտէն Ազատ Արձակուին. Փաշինեան՝ Գերիներուն Մասին

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss