Թուրքիոյ Մէջ Հայաստանի Հետ Սահմանին Կը Շարունակուին Երկաթուղիի Վերականգնման Աշխատանքները

Թուրքիոյ Աքեաքա շրջանի ղեկավար Իսմայիլ Տեմիրթաշ Կարսի նահանգային ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ֆուատ Արսլանի հետ այցելած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանին գտնուող երկաթուղիի հատուածը եւ ծանօթացած կատարուող աշխատանքներուն։ Կը հաղորդուի, որ Տեմիրթաշ երկաթուղիի շինարարութիւնը իրականացնող ընկերութեան ներկայացուցիչէն տեղեկութիւններ ստացած է շինարարական աշխատանքներու ներկայ վիճակին, կատարուող աշխատանքներուն եւ ծրագիրի ընթացքին վերաբերեալ։ Տեմիրթաշ հետեւած է շարունակուող աշխատանքներուն եւ քննարկումներ ունեցած է պատասխանատուներուն հետ։ Կը նշուի, որ տարիներ շարունակ փակ մնացած Աքեաքայի սահմանային անցակէտին եւ երկաթուղիի վերաբացման մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին տեղի բնակիչները։ Կ՚ակնկալուի, որ նշուած երկաթուղային գիծի շահագործման յանձնումը զգալիօրէն պիտի նպաստէ Աքեաքայի առեւտուրի, տնտեսութեան եւ փոխադրութեան հաղորդակցութեան զարգացման։
հեղինակ՝
13 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Թուրքիոյ Աքեաքա շրջանի ղեկավար Իսմայիլ Տեմիրթաշ Կարսի նահանգային ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ֆուատ Արսլանի հետ այցելած է Հայաստան-Թուրքիա սահմանին գտնուող երկաթուղիի հատուածը եւ ծանօթացած կատարուող աշխատանքներուն։

Կը հաղորդուի, որ Տեմիրթաշ երկաթուղիի շինարարութիւնը իրականացնող ընկերութեան ներկայացուցիչէն տեղեկութիւններ ստացած է շինարարական աշխատանքներու ներկայ վիճակին, կատարուող աշխատանքներուն եւ ծրագիրի ընթացքին վերաբերեալ։

Տեմիրթաշ հետեւած է շարունակուող աշխատանքներուն եւ քննարկումներ ունեցած է պատասխանատուներուն հետ։

Կը նշուի, որ տարիներ շարունակ փակ մնացած Աքեաքայի սահմանային անցակէտին եւ երկաթուղիի վերաբացման մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին տեղի բնակիչները։ Կ՚ակնկալուի, որ նշուած երկաթուղային գիծի շահագործման յանձնումը զգալիօրէն պիտի նպաստէ Աքեաքայի առեւտուրի, տնտեսութեան եւ փոխադրութեան հաղորդակցութեան զարգացման։

Նախորդ նիւթը

Տապլինի Մէջ Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Վարչապետին Եւ Ատրպէյճանի Նախագահին Հանդիպումը

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss