Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը 10 Նոյեմբերին ընդունած է Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանը։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Զարեհ Սինանեան ընդգծած է, որ իր՝ Սթամպուլ առաջին այցի ընթացքին կ’ուզէր ծանօթանալ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնի գործունէութեան։

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը շնորհակալութիւն յայտնած է Զարեհ Սինանեանին այցելութեան համար։ Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեան Զարեհ Սինանեանին տեղեկութիւններ փոխանցած է պատրիարքական աթոռին, հայ համայնքին մասին, յաջողութիւն մաղթած է Սինանեանին եւ ընդգծած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին կարեւորութիւնը։