ՄԱՀ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐ ԴՈԿՏ. ՄԻՍԱՔ ՀԱՅԿԵՆՑԻ

Խոր ցաւով ստացանք գոյժը ականաւոր մտաւորական, միութենական-հասարակական գորժիչ եւ գաղափարի նուիրեալ ազգային, ողբացեալ ընկեր դոկտ. Միսաք Հայկենցի մահուան, որ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17-ին։ Թաղման արարողութիւնը կայացած է Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22-ին, Նիւ Ճըրզի նահանգի Ֆէր Լոն քաղաքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Հայց. եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանէն ետք, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Համա-Ատենապետ ընկեր Նորայր Մկրտիչեան հանդէս եկած է հետեւեալ դամբանական խօսքով.- Մեր վերջին հրաժեշտը կու տանք եզակի անձնաւորութեան մը, որ ազգային ակնառու եւ նուիրեալ ղեկավար մըն էր, արժանաւոր տէրը ըլլալով նաեւ կրթական մշակի, հմուտ լրագրողի եւ համայնքային վաստակաշատ գործիչի հարուստ եւ հպարտառիթ աւանդին։ Հայկ եւ Հրանուշ Քիւփէլեաններու երկրորդ
հեղինակ՝
22 Հոկտեմբերի 2026
11 ր. ընթերցում

Խոր ցաւով ստացանք գոյժը ականաւոր մտաւորական, միութենական-հասարակական գորժիչ եւ գաղափարի նուիրեալ ազգային, ողբացեալ ընկեր դոկտ. Միսաք Հայկենցի մահուան, որ տեղի ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17-ին։

Թաղման արարողութիւնը կայացած է Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 22-ին, Նիւ Ճըրզի նահանգի Ֆէր Լոն քաղաքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Հայց. եկեղեցւոյ մէջ։

Արարողութեանէն ետք, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան Համա-Ատենապետ ընկեր Նորայր Մկրտիչեան հանդէս եկած է հետեւեալ դամբանական խօսքով.-

Մեր վերջին հրաժեշտը կու տանք եզակի անձնաւորութեան մը, որ ազգային ակնառու եւ նուիրեալ ղեկավար մըն էր, արժանաւոր տէրը ըլլալով նաեւ կրթական մշակի, հմուտ լրագրողի եւ համայնքային վաստակաշատ գործիչի հարուստ եւ հպարտառիթ աւանդին։

Հայկ եւ Հրանուշ Քիւփէլեաններու երկրորդ մանչ զաւակը՝ Միսաքը, ծնած էր Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, Օգոստոս 19, 1937-ին։ Կանուխ տարիքէն ակնյայտ հակում, հետաքրքրութիւն եւ սէր ցուցաբերած էր ազգային ժառանգութեանց եւ մշակոյթի նկատմամբ։ Պօղոսեան Ազգային վարժարանէն եւ տեղւոյն ֆրանսական լիսէէն շրջանաւարտ ըլլալէ ետք, ութը տարի պաշտօնավարած էր որպէս հայոց լեզուի ուսուցիչ, միաժամանակ բացառիկ աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալելով Տիգրան Երկաթ Մշակութային Միութեան ծիրէն ներս։ Մինչ այդ, խոր համոզումով եւ խանդավառօրէն միացած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն։ Իւրացուցած էր նաեւ Հայկենց մականունը։

1963-ին պաշտօնի հրաւիրուած էր Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, ստանձնելու համար ՌԱԿ-ի պաշտօնաթերթ «Նոր Օր» եռօրեայի խմբագրութիւնը։ Տարի մը ետք իր ուշագրաւ մասնակցութիւնը բերած էր թերթին Ֆրեզնոյէն Լոս Անճելըս տեղափոխութեան։ Խմբագրական հնգամեայ իր պաշտօնավարութեան շրջանին, ընկեր Միսաք Հայկենց յատկանշուած էր որպէս խիզախ եւ ազդեցիկ լրագրող։

1968-ին տիար Ալեք Մանուկեանի կողմէ հրաւիրուած էր Տիթրոյթ, ստանձնելով ազգային մեծ բարերարին անձնական օգնականի պատասխանատու պաշտօնը։ Քալիֆորնիոյ եւ Միչիկընի մէջ իր պատասխանատու պաշտօններուն առընթեր, բացառիկ ճիգ ի գործ դնելով, յաջողած էր պսակաւորի եւ մագիստրոսի համալսարանական որակաւորումներ ձեռք բերել գործարարական կառավարման (business administration-ի) մէջ։

1970-ին ընտրուած էր վարելու Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Վարիչ Տնօրէնի խիստ կարեւոր պաշտօնը եւ տեղափոխուած էր Նիւ Եորք։ Աւելի քան քսանամեայ իր բացառիկ յաջող եւ ակնառու կերպով արդիւնաւէտ պաշտօնավարութեան շրջանը տեւապէս եղած էր ազգային գերագոյն շահերու խոր գիտակցութեամբ յագեցած։

Կանուխ 1990-ական թուականներուն հանգստեան կոչուելէ ետք, իրեն յատուկ վճռականութեամբ, Սիթըն Հոլ համալսարանի Իրաւագիտութեան բաժանմունքէն արժանացած էր դոկտորական աստիճանի եւ միաժամանակ յաջողութեամբ անցուցած էր նահանգային իրաւաբանական քննութիւնները, դառնալով որակեալ փաստաբան։

Իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ընկեր Միսաք Հայկենց բնորոշուեցաւ մտաւորական հետաքրքրասիրութեամբ, խիստ կարգապահութեամբ, առինքնող վճռականութեամբ եւ իր շրջապատին մէջ ներդրում ունենալու յարաճուն նախանձախնդրութեամբ։

Եւ ի յաւելում այս բոլորին՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակղութեան գաղափարաբանութեան եւ ազգային նուիրական ըմբռնումներուն նկատմամբ անսասան նուիրումով եւ հաւատարմութեամբ։

Ընկեր Միսաք Հայկենցի անվերադարձ մեկնումի այս տխուր առիթով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան, աշխարհասփիւռ համայն անդամակցութեան եւ համակիր լայն շրջանակներուն անունով խորին վշտակցութիւններ կը յայտնեմ իր որդիին՝ տոքթ. Միսաք Հայկենց Կրտսերին եւ Քիւփէլեան ընտանիքի սգակիր բոլոր անդամներուն։

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»

Նախորդ նիւթը

TRIPP-ի Շնորհիւ Հայաստանը Եւս Պիտի Դառնայ Միջպետական Առեւտուրի Մասնակից. Ամիրպեքով

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss