Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու հարցով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովի խօսքով՝ ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի համատեղ ղեկավարութեամբ իրականացուող TRIPP նախագիծը կը նախատեսէ Հայաստանի հարաւային հատուածով փոխադրական կապի ստեղծում, որ պիտի կապէ Ատրպէյճանի հիմնական տարածքը Նախիջեւանի, այնուհետեւ՝ Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի հետ։
Ատրպէյճանցի պաշտօնեան նշած է, որ TRIPP-ի շնորհիւ Հայաստանը եւս հասանելիութիւն պիտի ստանայ տարածաշրջանային խողովակաշարերուն եւ երկաթուղիներուն, որոնք նախապէս կը շրջանցէին անոր տարածքը՝ հնարաւորութիւն ստանալով դառնալու միջպետական առեւտուրի մասնակից։
Ամիրպեքովի խօսքով՝ փոխադրական կապերու զարգացումը խաղաղութեան գործընթացի կարեւոր բաղադրիչ է, իսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տնտեսական փոխկախուածութեան ամրապնդումը կրնայ դառնալ խաղաղութեան լաւագոյն երաշխիքներէն մէկը։