ՈՂԲԱՑԵԱԼ ԸՆԿԵՐ ՊԵՆՈՆ ՍԵՒԱՆԻ ԹԱՂՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

Նորոգ հանգուցեալ ընկեր Պենոն Սեւանի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 12-ին, կէսօրուան ժամը 12-էն սկսեալ Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ։ Արարողութեան, նախագահութեամբ Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գեր. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, կը մասնակցէին նաեւ Արժ. Տ. Մաշտոց Աշգարեան եւ Արժ. Տ. Մոմիկ Հապէշեան Քահանայ Հայրերը։ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս դիւանագիտական խիստ հեղինակաւոր պաշտօն զբաղեցուցած եւ միաժամանակ ազգային ուշագրաւ գործունէութիւն ծաւալած վաստակաշատ հայորդիին վերջին հրաժեշտ տալու համար մեկտեղուած էր հոծ բազմութիւն մը, բաղկացած կիպրահայ համայնքի մեծաթիւ ներկայացուցիչներէ, Կիպրոսի մէջ պաշտօնավարող ՄԱԿ-ի շատ մը պաշտօնատարներէ եւ հանգուցեալին օտարազգի ծանօթներէն եւ բարեկամներէն։ Ներկայ էին նաեւ Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան
հեղինակ՝
12 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Նորոգ հանգուցեալ ընկեր Պենոն Սեւանի թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի Հոկտեմբեր 12-ին, կէսօրուան ժամը 12-էն սկսեալ Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճարին մէջ։

ընկեր Պենոն Սեւան

Արարողութեան, նախագահութեամբ Կիպրահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գեր. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, կը մասնակցէին նաեւ Արժ. Տ. Մաշտոց Աշգարեան եւ Արժ. Տ. Մոմիկ Հապէշեան Քահանայ Հայրերը։

ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան

Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութենէն ներս դիւանագիտական խիստ հեղինակաւոր պաշտօն զբաղեցուցած եւ միաժամանակ ազգային ուշագրաւ գործունէութիւն ծաւալած վաստակաշատ հայորդիին վերջին հրաժեշտ տալու համար մեկտեղուած էր հոծ բազմութիւն մը, բաղկացած կիպրահայ համայնքի մեծաթիւ ներկայացուցիչներէ, Կիպրոսի մէջ պաշտօնավարող ՄԱԿ-ի շատ մը պաշտօնատարներէ եւ հանգուցեալին օտարազգի ծանօթներէն եւ բարեկամներէն։

Հանգուցեալին դագաղը

Ներկայ էին նաեւ Կիպրոսի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիկին Իննա Թորգոմեան եւ Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Պարոն Վարդգէս Մահտեսեան։

Դամբանական խօսքով հանդէս կու գայ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան

Թաղման արարողութենէն ետք դամբանական խօսքով հանդէս եկան Գեր. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, հանգուցեալին դուստրը՝ Տիկին Ճասմին Սեւան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունով՝ ընկեր Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան։ Ընթերցուեցաւ նաեւ Հ.Բ.Ը.Միութան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի Նախագահ Պարոն Սեմ Սիմոնեանի կողմէ առաքուած ցաւակցագիր մը։

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Նիկոսիոյ հայոց գերեզմանատան մէջ։

Նախորդ նիւթը

Մեր Նպատակներուն Մէջ Չէ Եղած, Չկայ Եւ Պիտի Չըլլայ Ռուսաստանի Հետ Յարաբերութիւններու Խզումը. Փաշինեան

Յաջորդ նիւթը

Եւրոմիութիւնը Հայաստանին Օգնած Է Հակազդելու Օտարերկրեայ Միջամտութեան․ Քայա Քալաս

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss