Radio France International-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին խօսելով Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մասին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի նպատակներուն մէջ չէ եղած, չկայ եւ պիտի չըլլայ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւններու խզումը։
«Ընդհակառակը, մենք կ՚ուզենք զարգացնել Ռուսաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները, պարզապէս պէտք է արձանագրենք՝ անկախ ամէն ինչէ, անկախ քաղաքական առաջնորդութենէն, մեր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ չեն կրնար նոյնը ըլլալ, ինչ որ էր նախապէս։ Փոխուած է այն, նախապէս կար հակամարտութիւն Ատրպէյճանի հետ, հիմա կայ խաղաղութիւն»,- ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։