ԱՊՀ գլխաւոր քարտուղար Սերկէյ Լեպետեւ Համագործակցութեան 35-ամեակին առթիւ հարցազրոյց տուած է՝ խօսելով, թէ ինչպէս փոխուած է միաւորումը, ինչ ձեռքբերումներ ունի եւ ինչ կը ներկայացնէ իրմէ «ԱՊՀ+» նոր ձեւաչափը։
Հարցազրոյցի ընթացքին Լեպետեւ կարեւորած է նաեւ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ՝ նշելով, որ անցեալ տարի այս տարածաշրջանին մէջ կարգաւորումը նոյնպէս կարեւոր իրադարձութիւն էր։
«Այն, որ 2020 թուականի Նոյեմբերին աւարտեցաւ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, նոյնպէս մեծ ձեռքբերում էր։ Հիմա ես հաճոյքով կը հետեւիմ, թէ ինչպէս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւն ու Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իւրաքանչիւր հանդիպման ժամանակ կ՚առանձնանան, կը պայմանաւորուին եւ կը ժպտին։ Երկու առաջնորդներուն յայտարարութիւնները այն մասին, որ պատերազմը աւարտած է, չեն կրնար չուրախացնել»,- նշած է ան։
Լեպետեւ շեշտած է, որ տակաւին որոշ հարցեր կը լուծուին, կը կարգաւորուին սահմանային խնդիրները, սակայն, ընդհանուր առմամբ, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ կեանք հաստատուած է, որ հանգեցուցած է հսկայական փոփոխութիւններու։
«Ռուսաստանը, բնականաբար, շահագրգռուած է Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղ կարգաւորումով, եւ հոս մեծ դեր ունի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Կը յիշեմ 2020 թուականի Նոյեմբերեան հանդիպումները Մոսկուայի մէջ եւ խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւններու ստորագրումը։ Այս բոլորը, ի հարկէ, չի կրնար չուրախացնել։
Եւ ահա, համատեղ գոյակցութեան 35 տարիներու արդիւնքներով, մենք կը գտնուինք, ես ատիկա մեծ հաճոյքով կ՚ըսեմ, խաղաղութեան մէջ»,- եզրափակած է գլխաւոր քարտուղարը։