Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային հերոս, «Ոսկէ արծիւ» շքանշանի ասպետ Մոնթէ Մելքոնեանի մասին պատմող «Մոնթէ» ֆիլմը անոր ծննդեան օրը՝ 25 Նոյեմբերին, բարձրացաւ մեծ պաստառ։
Ֆիլմը, որուն ծանօթացումը տեղի ունեցաւ «Կինոմոսկուա»-ի մէջ, ամբողջութեամբ հիմնուած է իրական փաստերու վրայ։ Ան կ՚անդրադառնայ Մոնթէ Մելքոնեանի կեանքի հետաքրքրական դրուագներուն եւ շատերու համար նորովի կը բացայայտէ այդ էջերը։
Ֆիլմի բեմադրիչը Սուրէն Սաֆարեանն է, որ «Վազգէն. վերջին սպարապետը» ֆիլմի երկրորդ բեմադրիչը եղած է։ Անոր յաջողուած է լաւ յարաբերութիւններ կառուցել Մոնթէ Մելքոնեանի կնոջ՝ Սեդա Մելքոնեանի հետ, եւ ան ստեղծագործական խումբին օգնած է մշակել ֆիլմի թատերագրութիւնը։
Աղբիւրները տարբեր են՝ նամակներ, վաւերագրական այլ նիւթեր, Մոնթէի գրութիւնները, ինքնաքննադատական նիւթեր եւ այլն։ Բեմադրիչը կը յիշեցնէ՝ Մոնթէ Մելքոնեանի մասին բազմաթիւ աւանդութիւններ կան, սակայն իրենք միայն փաստերը ներկայացուցած են՝ գեղարուեստական փաթեթաւորումով։
Մոնթէ Մելքոնեանի դերակատարը Հրաչեայ Ղափլանեանի անուան դրամատիկական թատրոնի երիտասարդ դերասան Վլատիմիր Մսրեանն է, Սեդայի դերակատարը՝ Գ. Սթանիսլաւսքիի անուան ռուսական դրամատիկական թատրոնի դերասանուհի Հռիփսիմէ Նահապետեանը։