«Խաղաղութեան Կամուրջ»-ի Ծիրէն Ներս Հայաստան Ժամանած Են Ատրպէյճանի Քաղաքացիական Հասարակութեան Ներկայացուցիչները

Հայաստանի մէջ 26-27 Նոյեմբերին «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս պիտի կայանայ հայաստանեան եւ ատրպէյճանական քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ երկկողմանի լայնածաւալ քննարկում՝ կլոր սեղանի ձեւաչափով։ Քննարկման ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի 8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթաժողովի ընթացքին հաստատուած խաղաղութեան օրակարգին, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի ամրապնդման եւ հաստատութենականացման նախաձեռնութիւններուն, երկու հանրութիւններու միջեւ փոխվստահութեան ձեւաւորման եւ զարգացման ուղղուած միջոցառումներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն տնտեսական համագործակցութեան, առեւտուրի եւ հաղորդակցական ուղիներու ձեւաւորման հնարաւորութիւններուն, մարդասիրական հարցերուն, երիտասարդութեան հետ աշխատանքին եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ ուղղակի եւ երկարաժամկէտ կապերու հաստատման հեռանկարներուն։ Կլոր սեղանին մասնակցող ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամները Հայաստան ժամանած են ցամաքային սահմանի
հեղինակ՝
26 Նոյեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

Հայաստանի մէջ 26-27 Նոյեմբերին «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս պիտի կայանայ հայաստանեան եւ ատրպէյճանական քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ երկկողմանի լայնածաւալ քննարկում՝ կլոր սեղանի ձեւաչափով։

Քննարկման ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի 8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած գագաթաժողովի ընթացքին հաստատուած խաղաղութեան օրակարգին, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացի ամրապնդման եւ հաստատութենականացման նախաձեռնութիւններուն, երկու հանրութիւններու միջեւ փոխվստահութեան ձեւաւորման եւ զարգացման ուղղուած միջոցառումներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն տնտեսական համագործակցութեան, առեւտուրի եւ հաղորդակցական ուղիներու ձեւաւորման հնարաւորութիւններուն, մարդասիրական հարցերուն, երիտասարդութեան հետ աշխատանքին եւ կրթութեան, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչներու միջեւ ուղղակի եւ երկարաժամկէտ կապերու հաստատման հեռանկարներուն։

Կլոր սեղանին մասնակցող ատրպէյճանական պատուիրակութեան անդամները Հայաստան ժամանած են ցամաքային սահմանի սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածով։

Նախորդ նիւթը

Յունաստան-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամական Խումբը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Յաջորդ նիւթը

Փաշինեան. ԵՄ-ին Անդամակցութեան Գործընթացին Վերաբերող Օրէնքին Չեղարկումը Հնարաւոր Չեմ Նկատեր

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss