Հայաստանի եւ Ռումանիոյ Միջեւ Ռազմավարական Գործընկերութեան Հռչակագիր Ստորագրուեցաւ

Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ Ռումանիոյ հետ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու խորացումն ու զարգացումը։ Այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռումանիոյ նախագահին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։ Վարչապետը յայտնած է, որ ինք ու Ռումանիոյ նախագահը ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռումանիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին» համատեղ հռչակագիրը, ինչ որ վերը ըսուածին վառ վկայութիւնն է։ Ան խորհրդանշական համարած է այն, որ այս ձեռքբերումը կ՚արձանագրեն այս տարի, երբ կը լրանայ Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 35-ամեակը։ «Մենք պայմանաւորուած ենք աւելի սերտ քաղաքական երկխօսութիւն վարել եւ համատեղ ծրագրեր մշակել այն ոլորտներուն մէջ, ուր մեր երկիրները կրնան օգտուիլ իրարու փորձէն
հեղինակ՝
24 Նոյեմբերի 2026
8 ր. ընթերցում

Հայաստանը մեծապէս կը կարեւորէ Ռումանիոյ հետ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններու խորացումն ու զարգացումը։

Այս մասին յայտնած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռումանիոյ նախագահին հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ։

Վարչապետը յայտնած է, որ ինք ու Ռումանիոյ նախագահը ստորագրած են «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռումանիոյ միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին» համատեղ հռչակագիրը, ինչ որ վերը ըսուածին վառ վկայութիւնն է։

Ան խորհրդանշական համարած է այն, որ այս ձեռքբերումը կ՚արձանագրեն այս տարի, երբ կը լրանայ Հայաստանի եւ Ռումանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 35-ամեակը։

«Մենք պայմանաւորուած ենք աւելի սերտ քաղաքական երկխօսութիւն վարել եւ համատեղ ծրագրեր մշակել այն ոլորտներուն մէջ, ուր մեր երկիրները կրնան օգտուիլ իրարու փորձէն եւ հնարաւորութիւններէն։ Այսօր մենք հանգամանօրէն անդրադարձած ենք մեր երկկողմ յարաբերութիւններու տնտեսական բաղադրիչին՝ ընդգծելով առեւտուրի եւ ներդրումներու խթանման կարեւորութիւնը։ Վերջին ամիսներուն, երբ Հայաստանը բախած է աւանդական շուկաներ մեր արտադրանքի սահմանափակումներու հետ, Ռումանիան ոչ միայն շատ կարեւոր նոր շուկայ է, այլ նաեւ իր նաւահանգիստներով դարպաս կը դառնայ դէպի Եւրոպական միութիւն»,- ըսած է ՀՀ վարչապետը։

Երկու երկիրներու ղեկավարները կարեւորած են գործարար համաժողովներու կազմակերպումը, անդրադարձած են Հայաստան-Ռումանիա առեւտրատնտեսական եւ գիտատեխնիկական համագործակցութեան յանձնաժողովի աշխատանքներու վերականգնման։ Հեռանկարային համարած են վերականգնուող ուժանիւթի, բարձր ճարտարագիտութեան, սնունդի վերամշակման, դեղագործութեան, զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ գործնական ծրագրերու իրագործումը։

«Ռումանիոյ նախագահին հետ անդրադարձած ենք նաեւ պաշտպանութեան, համացանցային ապահովութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման եւ փոխշահաւէտ ծրագրերու իրագործման։ Քննարկած ենք նաեւ կրթութեան եւ գիտութեան ոլորտին մէջ փոխգործակցութեան խորացումը։ Ընդգծած ենք համատեղ հետազօտութիւններու, ուսանողներու եւ դասախօսներու փոխանակման ծրագրերու կարեւորութիւնը մեր երկիրներու միջեւ կապերու սերտացման տեսանկիւնէն։ Այդ առումով համագործակցութեան հնարաւորութիւններ կը տեսնենք նաեւ Հայաստանի մէջ «Ակադեմիական քաղաք»-ի ծիրին մէջ»,֊աւելցուց Նիկոլ Փաշինեան։

ՀՀ վարչապետը տեղեկացուց, որ Ռումանիոյ գործընկերոջ հետ քննարկած են նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցեր։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ռումանիոյ նախագահին ներկայացուցած է նաեւ 8 Օգոստոս 2025-ի Ուաշինկթընի Խաղաղութեան գագաթաժողովի արդիւնքով Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցած շրջադարձային զարգացումները։

Նախորդ նիւթը

Չեռնոգորիայի Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss