Հայաստանը Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու երկար պատմութիւն ունի։ 2016 թուականին Հայաստանը եւ Եւրոպական միութիւնը ստորագրեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը։ Ան, ըստ էութեան, կը վերաբերի մեր համակարգերու մօտեցման եւ չափանիշերու ներդրման։ Radio France International-ին տուած հարցազրոյցին մէջ այս մասին ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Հայաստանը նպատակ ունի՞ անդամակցելու ԵՄ-ին։
«2018 թուականէն ետք մենք շարունակեցինք մերձեցնել յարաբերութիւնները Եւրոմիութեան հետ։ 2025 թուականին նոյնիսկ ընդունուեցաւ օրէնք Հայաստանի՝ Եւրոպական միութեան անդամակցելու գործընթաց սկսելու մասին։ Այդ օրէնքը ընդունուեցաւ քաղաքացիական նախաձեռնութեամբ»,- նշեց վարչապետը։
«Տարբերակներէն մէկը այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դառնայ Եւրոպական միութեան անդամ։ Ինչո՞ւ կ՚ըսեմ՝ տարբերակներէն մէկը։ Որովհետեւ Եւրոպական միութիւնը տակաւին պէտք է որոշում կայացնէ իր ընդլայնման քաղաքականութեան վերաբերեալ։ Միայն անդամակցիլ ցանկացող երկրի կամ այդ հարցը քննարկող պետութեան ցանկութիւնը բաւարար չէ։
Այսօր ալ Եւրոմիութեան մէջ կան տարբեր կարծիքներ՝ պէտք է ան ընդլայնուի, թէ ոչ։ Հետեւաբար այս հարցումին պատասխանը նաեւ անկէ կախուած է»,- ըսաւ ան։
Սակայն, Փաշինեանի խօսքով, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին ռազմավարական նպատակը այլընտրանքներ ստեղծելն է։
«Մենք երկար ժամանակ ապրած ենք այնպիսի միջավայրի եւ պայմաններու մէջ, ուր Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ անոր ժողովուրդը, այդ կարգին՝ արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ, լայն այլընտրանքներ չեն ունեցած։ Մեր խնդիրը այդ այլընտրանքները ստեղծելն է։
Ի վերջոյ, որեւէ որոշում կը կայացուի յստակ միջավայրի եւ պայմաններու մէջ։ Այլընտրանքներ ձեւաւորելու մեր նպատակը մէկն է՝ Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է կարենայ որոշել՝ երկիրը մնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ, դառնայ Եւրոպական միութեան անդամ, թէ չըլլայ ո՛չ ԵՄ-ի, ո՛չ ԵԱՏՄ-ի անդամ։
Միեւնոյն ժամանակ, մենք ամէն պարագայի պիտի շարունակենք բարեփոխել Հայաստանի Հանրապետութիւնը՝ զայն համապատասխանեցնելով Եւրոպական միութեան չափանիշերուն։ Եթէ որեւէ պահու Հայաստանը լիարժէք եւ առարկայօրէն պատրաստ ըլլայ դառնալու ԵՄ անդամ, այդ պարագային հարցը դարձեալ կախուած պիտի ըլլայ երկու հիմնական խնդիրէ՝ Եւրամիութիւնը պիտի ուզէ՞ ընդունիլ մեզ, եւ Հայաստանի ժողովուրդը պիտի քուէարկէ՞ այդ տարբերակին օգտին։
Նոյնիսկ եթէ Հայաստանը առարկայօրէն պատրաստ ըլլայ, բայց չդառնայ Եւրոմիութեան անդամ, միեւնոյնն է, երկիրը շահած պիտի ըլլայ։ Այդ պարագային մենք պիտի ունենանք պետութիւն, որ լիարժէք կը համապատասխանէ Եւրոպական միութեան չափանիշերուն»,- նշեց Նիկոլ Փաշինեան։