Այն Ընդերքը, Որ Այսօր Դարձաւ Ոսկի, Հայաստանին Կը Պատկանի եւ ՀՀ Ժողովուրդին Սեփականութիւնն Է. Փաշինեան

«Այսօր մենք լրումին կը հասցնենք Ամուլսարի երկարամեայ էջը, եւ, ի հարկէ, ասիկա յաջողութեան պատմութիւն է միանշանակ». Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման մեկնարկին նուիրուած իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։ Անոր խօսքով՝ պէտք է նախ անդրադառնալ այն հարցին, թէ ինչո՛ւ մենք այսօր այսպիսի հանդիսաւոր միջավայրի մէջ կրնանք այս միջոցառումը կազմակերպել՝ առանց մօտակայքը բողոքի ցոյցերու։ «Կը կարծեմ՝ շատ կարեւոր է այս հարցին պատասխանելը: Բոլորդ գիտէք, որ Ամուլսարի նախագիծը տարբեր դրսեւորումներով արտայայտուած է, եւ ես կը կարծեմ, թէ նաեւ այդ անցած ճամբան պէտք է վերլուծել՝ հետագային ներդրումային ծրագրերու հետ կապուած գործելակարգեր որդեգրելու համար։ Կը կարծեմ՝ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը այդ բոլորին վերաբերեալ հանրութեան ընկալումն
հեղինակ՝
11 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

«Այսօր մենք լրումին կը հասցնենք Ամուլսարի երկարամեայ էջը, եւ, ի հարկէ, ասիկա յաջողութեան պատմութիւն է միանշանակ». Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման մեկնարկին նուիրուած իր ելոյթին մէջ ըսաւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Անոր խօսքով՝ պէտք է նախ անդրադառնալ այն հարցին, թէ ինչո՛ւ մենք այսօր այսպիսի հանդիսաւոր միջավայրի մէջ կրնանք այս միջոցառումը կազմակերպել՝ առանց մօտակայքը բողոքի ցոյցերու։

«Կը կարծեմ՝ շատ կարեւոր է այս հարցին պատասխանելը: Բոլորդ գիտէք, որ Ամուլսարի նախագիծը տարբեր դրսեւորումներով արտայայտուած է, եւ ես կը կարծեմ, թէ նաեւ այդ անցած ճամբան պէտք է վերլուծել՝ հետագային ներդրումային ծրագրերու հետ կապուած գործելակարգեր որդեգրելու համար։

Կը կարծեմ՝ կարեւորագոյն խնդիրներէն մէկը այդ բոլորին վերաբերեալ հանրութեան ընկալումն ու իրազեկումը բարձրացնելն է, եւ մեր քաղաքականութիւնը խնդրին հետ առնչուելու առաջին վայրկեաններէն եղած է հետեւեալը. նախ՝ պատասխան ձեւակերպել հանրութիւնը յուզող բոլոր հարցերուն եւ երկրորդ՝ ամէն ինչ ընել, որ ՀՀ քաղաքացիները հնարաւորինս տեսանելի եւ շօշափելի կերպով այս նախագիծը համարեն նաեւ իրենցը։

Եկէք ի վերջոյ արձանագրենք, որ այն ընդերքը, որ այսօր մեր աչքին առջեւ դարձաւ ոսկի, այդ ընդերքը Հայաստանի Հանրապետութեան կը պատկանի եւ ՀՀ ժողովուրդին սեփականութիւնն է։

Մեզի համար մեծագոյն խնդիր եղած է ցոյց տալ, որ այդ հարստութիւնը պիտի ծառայէ Հայաստանի զարգացման եւ բարեկեցութեան, եւ ի հարկէ, այս ներդրումային ծրագիրի ճակատագիրը էական նշանակութիւն պիտի ունենայ նոր՝ այսպիսի ներդրումային ծրագրեր բերելու համար»,- ըսաւ վարչապետը։

Նախորդ նիւթը

Ամուլսարի Շահագործումէն Պետական Պիւտճէ Վճարուելիք Տարեկան Հարկերը Եւ Տուրքերը Պիտի Կազմեն 130 միլիոն տոլար․ Գէորգ Պապոյեան

Յաջորդ նիւթը

Տարբերակներէն Մէկը Այն Է, Որ Հայաստանը Դառնայ ԵՄ Անդամ. Նիկոլ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss