Ամուլսարի ծրագրի շահագործումէն, Կառավարութեան հաշուարկներով, պետական պիւտճէ վճարուելիք տարեկան հարկերը եւ տուրքերը պիտի կազմեն 130 միլիոն տոլար։
Ծրագիրը նաեւ տարեկան շուրջ 1,5 տոկոս դրական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ Հայաստանի համախառն ներքին արդիւնքին վրայ։
Ամուլսարի հանքավայրի շահագործման մեկնարկի արարողութեան ժամանակ այս մասին յայտնած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։
Նախարարին խօսքով՝ ծրագրին մէջ ներդրուած է աւելի քան 750 միլիոն տոլար, իսկ շահագործման փուլին նախատեսուած է աւելի քան 210 հազար օնսա ոսկիի արտադրութիւն։
«Մեր հաշուարկներով՝ հարկեր, տուրքեր՝ միայն 130 միլիոն տոլար պետական պիւտճէ վճարում պիտի ըլլայ։ Եւ գումարած՝ ի հարկէ, 12,5 տոկոս Կառավարութիւնը սեփականատէր է այս ծրագրին մէջ, այսինքն՝ մենք բաժնեմաս ունինք։ Սա նոյնպէս կարեւոր է»,- ըսած է Պապոյեան։
Պապոյեանի գնահատմամբ՝ Ամուլսարի նշանակութիւնը միայն ներդրումներով եւ հարկային մուտքերով չի կարեւորուիր եւ պատմութիւնը պարզապէս շատ մեծ ներդրումներու, շատ աշխատատեղերու, շատ հարկերու մասին չէ, այլ նաեւ հանքարդիւնաբերութեան չափանիշերու մասին պատմութիւն է։
Անոր խօսքով՝ ծրագրի շրջանակին մէջ ձեւաւորուած միջավայրը Հայաստան բերած է նոր ապրանքանիշեր, չափանիշեր եւ առեւտուր վարելու մշակոյթ՝ զարգացման հնարաւորութիւններ ստեղծելով նաեւ տնտեսութեան այլ ճիւղերու համար։
«Ես կը կարծեմ ու վստահ եմ, որ ասոր արդիւնքով ոչ միայն հազարաւոր աշխատատեղեր պիտի ստեղծուին՝ ուղղակի եւ անուղղակի, այլ նաեւ պիտի ստեղծուի այնպիսի տնտեսական շարժիչ մը, որ ընդհանրապէս այս տարածաշրջանին, յատկապէս Վայքի, Ջերմուկի, Սիսիանի համար նոր ճանապարհ պիտի բանայ»,- ըսած է Պապոյեան։