Եթէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի, այդ պահէն ապագայ պիտի ունենանք. անցեալը հիմա չենք քննարկեր, շատ վատ անցեալ ունինք։
Հանրային հեռուստաընկերութեան եթերին այս մասին ըսած է Քարնեկի հիմնադրամի փորձագէտ Կարօ Փայլան։
«Եթէ այս պայմանագիրը ստորագրուի, այդ պահէն ապագայ պիտի ունենանք։ Անցեալը հիմա չենք քննարկեր, ինչո՞ւ. շատ վատ անցեալ ունինք։ Դժբախտաբար հարիւր հազար ատրպէյճանցի տեղահան եղաւ առաջին պատերազմէն ետք, երկրորդ պատերազմէն ետք ալ արցախցիները տեղահան եղան։
Անկէ 110 տարի առաջ դժբախտաբար ցեղասպանութիւն ունեցանք։ Հիմա պէտք է ըսենք բաւակա՞ն է, թէ՞ այս հակամարտութիւնները պիտի շարունակուին. սա է հարցը»,- ըսած է Փայլան։