«Եւրոմիութիւնը Հայաստանին օգնած է հակազդելու Յունիսեան ընտրութիւններուն ընդառաջ օտարերկրեայ միջամտութեան»։
Այս մասին յայտնած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալաս, Լիւքսեմպուրկի մէջ ԵՄ արտաքին գործերու նախարարներու խորհուրդի նիստը ամփոփելով։
«Մենք ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի մեր վերապատրաստման ծրագրերը ընդլայնած ենք՝ ընդգրկելով 65 երկիր։ Արգելափակած ենք տասնեակ կայքեր եւ հարիւրաւոր գովազդներ, ինչպէս նաեւ յաջողութեամբ օգնած ենք Հայաստանին՝ դիմակայելու օտարերկրեայ միջամտութեան Յունիսեան ընտրութիւններուն ընդառաջ»,- ըսած է ան։