ՈՉ ԵՒՍ Է ԸՆԿԵՐ ՊԵՆՈՆ ՍԵՒԱՆ

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկարամեայ, վաստակաշատ անդամ ընկեր Պենոն Սեւանի մահը, որ պատահեցաւ երէկ, Հոկտեմբեր 4-ին, Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս։Գաղափարի նուիրեալ մեր ընկերը ծնած էր Դեկտեմբեր 18, 1937-ին, Նիկոսիա, Կիպրոս։ Ակնառու շրջանաւարտներէն էր (1958) Հ.Բ.Ը.Միութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր յաճախելով Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանը, ուրկէ արժանացած էր Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսի, ընդհանուր ազգաց պատմութեան (փիլիսոփայութեան թեքումով) գիտակարգին մէջ: Աւելի ետք, նոյն համալսարանէն արժանացած էր նաեւ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղի յետ-աւարտական վկայականի։ 1965-ին մնայուն պաշտօնավարութեան ընդունուած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ։ Բծախնդիր, ջանադիր, իր յարատեւ ճիգերուն շնորհիւ, հետեւողական կերպով արժանացած էր պաշտօնի եւ պատասխանատուութեանց բարձրացումներու։ Իբրեւ Մ․Ա․Կ․-ի
հեղինակ՝
5 Հոկտեմբերի 2026
9 ր. ընթերցում

Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երկարամեայ, վաստակաշատ անդամ ընկեր Պենոն Սեւանի մահը, որ պատահեցաւ երէկ, Հոկտեմբեր 4-ին, Նիկոսիոյ մէջ, Կիպրոս։
Գաղափարի նուիրեալ մեր ընկերը ծնած էր Դեկտեմբեր 18, 1937-ին, Նիկոսիա, Կիպրոս։ Ակնառու շրջանաւարտներէն էր (1958) Հ.Բ.Ը.Միութեան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան։

Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր յաճախելով Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանը, ուրկէ արժանացած էր Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսի, ընդհանուր ազգաց պատմութեան (փիլիսոփայութեան թեքումով) գիտակարգին մէջ: Աւելի ետք, նոյն համալսարանէն արժանացած էր նաեւ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղի յետ-աւարտական վկայականի։

1965-ին մնայուն պաշտօնավարութեան ընդունուած էր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան մօտ։ Բծախնդիր, ջանադիր, իր յարատեւ ճիգերուն շնորհիւ, հետեւողական կերպով արժանացած էր պաշտօնի եւ պատասխանատուութեանց բարձրացումներու։ Իբրեւ Մ․Ա․Կ․-ի կողմէ առաքուած պաշտօնական դիտորդ եւ վերահսկիչ, բարեյաջող լրումի հասցուցած էր, միջազգային առումով կարեւոր, շարք մը գործուղումներ։

Իբրեւ Մ․Ա․Կ․-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ միջ-կառավարական եւ մասնագիտական մարմիններու քարտուղար ու Մ․Ա․Կ․-ի Ընդհանուր Քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ, տարիներ շարունակ յաջողութեամբ գլխաւորած էր հեղինակաւոր շատ մը առաքելութիւններ դէպի քաղաքականօրէն լարուած եւ գերզգայուն իրավիճակներ, Ինտոնեզիայի, Աղուանիստանի, Փաքիստանի, եւ Մերձաւոր ու Հեռաւոր Արեւելքի այլ երկիրներու մէջ։

Իբրեւ Գործադիր Տնօրէն, ստանձնած եւ իրականացուցած էր նաեւ կառավարումը, համակարգումը եւ վերահսկողութիւնը Մ․Ա․Կ․-ի Իրաքի Ծրագրին, որուն միջոցաւ 1997-էն մինչեւ 2004թ․ յատկացուած էր 31 միլիառ տոլար արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն:

Հակառակ որ, բարձրաստիճան պաշտօնատարի հանգամանքի բերումով, ունեցած էր յաճախակի եւ երկարատեւ գործուղումներ, տեւապէս պահպանած էր իր անմիջական կապը հայկական իրականութեան եւ ի մասնաւորի՝ Հ.Բ.Ը.Միութեան հետ, որուն հանդէպ իր ունեցած բազմամեայ նուիրումը զինք արժանացուցած էր ընտրուելու եւ երկու շրջան ծառայելու նաեւ իբրեւ Միութեան Կեդրոնական Վարչական Ժողովի լիիրաւ անդամ։

Մ․Ա․Կ․-ի մէջ շուրջ 40 տարիներու իր վաստակաշատ պաշտօնավարութենէն, տարիքի բերմամբ, հանգստեան կոչուելէն ետք, բնակութիւն հաստատած էր իր ծննդավայրին՝ Կիպրոսի մէջ։

Սակայն, անկախաբար այս բոլորէն, ընկեր Պենոն 1958-էն ի վեր եղած էր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան հաւատաւոր, օրինապահ եւ օրինակելի անդամներէն մին, տեւապէս ըլլալով Ռ․Ա․Կ․-ի դաւանանքին եւ ազգային նուիրական սկզբունքներուն ո՛չ միայն հպարտ կրողը, այլ նաեւ՝ զանոնք անշեղօրէն գործադրողը։

Գնահատելով ազգային եւ կուսակցական բազմամեայ, նուիրեալ եւ տիպար իր ծառայութիւնը, Ռ․Ա․Կ․ Կեդրոնական Վարչութիւնը ընկեր Պենոն Սեւանը, Յունուար 2026-ին, արժանացուցած էր յատուկ Պատուոգիրի։

«Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդ նիւթը

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-Ամեակին Առիթով Հանդիսաւոր Ընդունելութիւն, Կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանութեան

ԱնցնիլՎեր