«19 Հայ Գերիներու Հարցը Մարդասիրական Հրատապ Խնդիր Է». Հայաստանի Ներկայացուցիչը` ՄԱԿ-ին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկումին ընթացքին, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու համակարգի ամրապնդման` մարդու իրաւունքներու խախտումները կանխարգիլելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու նպատակով: Դեսպան Յովհաննիսեան ներկայացուց Հայաստանի ի գործ դրած ջանքերը, մասնաւորապէս` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործիքակազմերու ամրապնդման, սեռերու միջեւ հաւասարութեան խթանման եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրակարգի յառաջ մղման ուղղութեամբ: Անդրադառնալով շրջանային զարգացումներուն` Յովհաննիսեան նշեց, որ, թէեւ խաղաղութեան ամրապնդման ջանքերը կը շարունակուին, բայց շարք մը հրատապ մարդասիրական խնդիրներ տակաւին լուծման կարիք ունին: Անոնց կարգին են 19 հայերու շարունակուող կալանքը, անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրին եւ գտնուելու վայրին պարզաբանումը, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու դէպքերուն վերաբերող
հեղինակ՝
7 Հոկտեմբերի 2026
3 ր. ընթերցում

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի ընդհանուր քննարկումին ընթացքին, ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Պարոյր Յովհաննիսեան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի մարդու իրաւունքներու համակարգի ամրապնդման` մարդու իրաւունքներու խախտումները կանխարգիլելու եւ հաշուետուողականութիւն ապահովելու նպատակով:

Դեսպան Յովհաննիսեան ներկայացուց Հայաստանի ի գործ դրած ջանքերը, մասնաւորապէս` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործիքակազմերու ամրապնդման, սեռերու միջեւ հաւասարութեան խթանման եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպանութեան օրակարգի յառաջ մղման ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով շրջանային զարգացումներուն` Յովհաննիսեան նշեց, որ, թէեւ խաղաղութեան ամրապնդման ջանքերը կը շարունակուին, բայց շարք մը հրատապ մարդասիրական խնդիրներ տակաւին լուծման կարիք ունին: Անոնց կարգին են 19 հայերու շարունակուող կալանքը, անյայտ կորսուած անձերու ճակատագիրին եւ գտնուելու վայրին պարզաբանումը, ինչպէս նաեւ բռնի անհետացումներու դէպքերուն վերաբերող հարցերը:

Ան շեշտեց, որ այս խնդիրներու լուծումը պիտի նպաստէ շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման, վստահութեան ձեւաւորման ու հաշտեցման:

Նախորդ նիւթը

ՈՉ ԵՒՍ Է ԸՆԿԵՐ ՊԵՆՈՆ ՍԵՒԱՆ

Յաջորդ նիւթը

Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Դէպի Եւրոպական Միութիւն. Մարթա Քոս

ԱնցնիլՎեր