Եւրոպական միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանին՝ ԵՄ-ին աւելի մօտենալու գործընթացին մէջ։ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կայացած ճեպազրոյցի ժամանակ այս մասին յայտնած է ԵՄ ընդլայնման հարցերով եւրայանձնակատար Մարթա Քոսը։
«Մենք պատրաստ ենք, եւ եթէ անոնք կը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները, մենք նոյնպէս կը կատարենք մերը։ Հայաստանը իրապէս կը շարժի դէպի Եւրոպական միութիւն։ Այս պահուն ան միակ երկիրն է, որուն հետ մենք վիզային վարչակարգի ազատականացման շուրջ բանակցութիւններ կը վարենք»,- ըսած է Քոս։
Ան նաեւ յիշեցուցած է Հայաստանի տնտեսութեան ԵՄ աջակցութեան մասին։
«Մենք շատ հարցերու մէջ աջակցութիւն կը ցուցաբերենք, որովհետեւ Ռուսաստանը արգիլած է ներմուծումը ձեր երկրէն»,- նշած է ան՝ պատասխանելով հայ լրագրողի հարցումին։
Մարթա Քոս աւելցուցած է, որ գոյութիւն ունի նաեւ Հայաստանի տնտեսական զարգացման համար յատուկ փաթեթ։