Հայաստանի Աւելի Քան 60 Դպրոցի Շէնքային Պայմաններն Ու Գոյքային Յագեցուածութիւնը Պիտի Բարելաւուին

ՀՀ Կառավարութեան որոշումով նախատեսուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Արարատի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի մարզպետներու աշխատակազմերու ենթակայութեամբ գործող թիւով 67 հանրակրթական դպրոցի յատկացնել հիմնական դրամաշնորհներ 162.270.400 դրամի չափով՝ վերջիններուս խնայողութիւններու հաշուոյն: Գումարը պիտի ուղղուի դպրոցներու շէնքային պայմաններու եւ գոյքային յագեցուածութեան բարելաւման: Ըստ հիմնաւորման՝ դպրոցներէն 11-ին մէջ պիտի իրականացուին շէնքային պայմաններու մասնակի բարելաւման, մասնաւորապէս ենթակառուցուածքներու արդիականացման (ջեռուցման համակարգեր, հոսանքագիծեր եւ այլն), շքամուտքի, յատակներու մասնակի նորոգման, պատուհաններու եւ դռներու փոխարինման եւ այլ խիստ անհրաժեշտ աշխատանքներ։ 58 դպրոցի ալ դրամաշնորհ պիտի յատկացուի գոյքային յագեցուածութեան բարելաւման նպատակով։ Մէկ այլ որոշումով ալ նախատեսուած է ՀՀ 2026 թ.-ի պետական պիւտճէով ԿԳՄՄ նախարարութեան դպրոցաշինութեան
հեղինակ՝
8 Հոկտեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

ՀՀ Կառավարութեան որոշումով նախատեսուած է Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան, Արարատի, Արմաւիրի, Գեղարքունիքի եւ Վայոց ձորի մարզպետներու աշխատակազմերու ենթակայութեամբ գործող թիւով 67 հանրակրթական դպրոցի յատկացնել հիմնական դրամաշնորհներ 162.270.400 դրամի չափով՝ վերջիններուս խնայողութիւններու հաշուոյն: Գումարը պիտի ուղղուի դպրոցներու շէնքային պայմաններու եւ գոյքային յագեցուածութեան բարելաւման:

Ըստ հիմնաւորման՝ դպրոցներէն 11-ին մէջ պիտի իրականացուին շէնքային պայմաններու մասնակի բարելաւման, մասնաւորապէս ենթակառուցուածքներու արդիականացման (ջեռուցման համակարգեր, հոսանքագիծեր եւ այլն), շքամուտքի, յատակներու մասնակի նորոգման, պատուհաններու եւ դռներու փոխարինման եւ այլ խիստ անհրաժեշտ աշխատանքներ։ 58 դպրոցի ալ դրամաշնորհ պիտի յատկացուի գոյքային յագեցուածութեան բարելաւման նպատակով։

Մէկ այլ որոշումով ալ նախատեսուած է ՀՀ 2026 թ.-ի պետական պիւտճէով ԿԳՄՄ նախարարութեան դպրոցաշինութեան համար յատկացուած գումարներու շրջանակին մէջ կատարել վերաբաշխում՝ 1.277.104.700 դրամի չափով՝ Ասիական զարգացման դրամատան աջակցութեամբ իրականացուող «Սէյսմիկ անվտանգութեան բարելաւման ծրագիր (լրացուցիչ ֆինանսաւորում)» վարկային ծրագրի շրջանակներուն մէջ դպրոցներու կառուցման աշխատանքներն ապահովելու նպատակով։ Ծրագրի շրջանակին մէջ կ՚իրականացուին այն դպրոցներու վերակառուցման/նոր շէնքերու կառուցման աշխատանքները։ Նախատեսուած է 46 դպրոցի կառուցում/վերակառուցում:

Ըստ հիմնաւորման՝ ծրագրի ընթացքին իրականացուած են մեծածաւալ շինարարական աշխատանքներ, որոնք արդէն աւարտած են թիւով 29 դպրոցի մէջ, որոնցմէ 11-ը՝ Երեւանի մէջ, 3-ը՝ Արագածոտնի, 3-ը՝ Արարատի, 2-ը՝ Արմաւիրի, մէկը՝ Գեղարքունիքի 3-ը՝ Լոռիի, 2-ը՝ Կոտայքի, մէկը՝ Շիրակի, մէկը՝ Սիւնիքի, մէկը՝ Վայոց ձորի եւ մէկը՝ Տաւուշի մէջ: Թիւով 17 դպրոցի շինարարական աշխատանքները կը գտնուին իրականացման աշխոյժ փուլի մէջ եւ պիտի աւարտին 2026-2027 թուականներուն:

Նախորդ նիւթը

Հայաստանը Իրապէս Կը Շարժի Դէպի Եւրոպական Միութիւն. Մարթա Քոս

Յաջորդ նիւթը

Գորիսի Մէջ Տեղի Ունեցած Է TRIPP-ի Ծիրին Մէջ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss