ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութենէն յայտնած են, որ 8 Հոկտեմբեր 2026-ին Հայաստանի Գորիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան համապատասխան կառոյցներու ներկայացուցիչներու միջեւ տեխնիկական հանդիպում՝ նուիրուած TRIPP նախագիծի ծիրին մէջ ելեկտրահաղորդման գիծերու տեղակայման հարցերուն։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են տուեալ ուղղութեան համապատասխան տեսակէտներու շուրջ։
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է համապատասխան կառոյցներու միջեւ համակարգման առնչուող հարցերուն եւ աշխատանքներու յառաջմղման համար անհրաժեշտ հետագայ քայլերուն։