Ատրպէյճանական երկաթուղին արդէն գրեթէ մէկ տարի է բաց է հայկական բեռներու փոխադրութեան համար։
ԱՊՀ մասնակից երկիրներու ղեկավարներու գագաթաժողովի իր ելոյթին մէջ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկկողմ առեւտուր նոյնպէս սկսած է։
Փաշինեան նշած է, որ մօտ ապագային նախատեսուած է իրականացնել TRIPP նախագիծը Հայաստանի տարածքին մէջ, որ թոյլ պիտի տայ ապաշրջափակել տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնները։