Նոյեմբերէն Պիտի Մեկնարկեն Գիւղամթերքի Դէպի ԱՄԷ Կանոնաւոր Բեռնափոխադրումները․ Պապոյեան

«Նոյեմբերէն պիտի մեկնարկեն գիւղմաթերքի դէպի ԱՄԷ կանոնաւոր չարթերային բեռնափոխադրումները»։ Ընկերային ցանցի իր էջով այս մասին յայտնած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։ «Ընդունեցի «Almarex Aviation Ventures» ընկերութեան համահիմնադիր Մակար Պետրոսեանն ու տնօրէն Պարոյր Վարդանեանը։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ նախարարի տեղակալ Արման Խոջոյեանը։ «Almarex Aviation Ventures» օդանաւային ընկերութիւնը Նոյեմբերի սկիզբէն կը նախատեսէ իրականացնել օդային բեռնափոխադրման կանոնաւոր թռիչքներ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի ապահով եւ մատչելի բեռնափոխադրումը ապահովելու նպատակով։ Ընկերութեան տնօրէնին խօսքով՝ Հայաստանէն արտահանման պարագային օդային բեռնափոխադրման արժէքը պիտի կազմէ 2,2 տոլար 1 քկ-ի համար, սակայն որոշ գործօններու փոփոխութեան արդիւնքով հնարաւոր է նաեւ գինի իջեցում։ Թռիչքները պիտի իրականացուին «Boeing 737-800»
հեղինակ՝
9 Հոկտեմբերի 2026
6 ր. ընթերցում

«Նոյեմբերէն պիտի մեկնարկեն գիւղմաթերքի դէպի ԱՄԷ կանոնաւոր չարթերային բեռնափոխադրումները»։ Ընկերային ցանցի իր էջով այս մասին յայտնած է տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը։

«Ընդունեցի «Almarex Aviation Ventures» ընկերութեան համահիմնադիր Մակար Պետրոսեանն ու տնօրէն Պարոյր Վարդանեանը։ Հանդիպման ներկայ եղած է նաեւ նախարարի տեղակալ Արման Խոջոյեանը։

«Almarex Aviation Ventures» օդանաւային ընկերութիւնը Նոյեմբերի սկիզբէն կը նախատեսէ իրականացնել օդային բեռնափոխադրման կանոնաւոր թռիչքներ դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ հայկական գիւղատնտեսական արտադրանքի ապահով եւ մատչելի բեռնափոխադրումը ապահովելու նպատակով։

Ընկերութեան տնօրէնին խօսքով՝ Հայաստանէն արտահանման պարագային օդային բեռնափոխադրման արժէքը պիտի կազմէ 2,2 տոլար 1 քկ-ի համար, սակայն որոշ գործօններու փոփոխութեան արդիւնքով հնարաւոր է նաեւ գինի իջեցում։ Թռիչքները պիտի իրականացուին «Boeing 737-800» տեսակի օդանաւով, որ իւրաքանչիւր թռիչքի ընթացքին հնարաւորութիւն պիտի տայ փոխադրել շուրջ 20 թոն բեռ։

«Արտահանման բազմազանեցումը մեր երկրի տնտեսական օրակարգի առաջնահերթութիւններէն է, եւ այս առումով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Հայաստանի համար կարեւոր շուկայ է։ Այս նախաձեռնութիւնը համահունչ է կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն եւ նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ հայկական արտադրանքի արտահանման ծաւալներու ընդլայնման համար»,- նշած է Պապոյեան իր խօսքին մէջ։

«Կարեւորելով թարմ գիւղամթերքի արտահանման գործընթացին մէջ մատակարարման արագութիւնը՝ ողջունած եմ գործարար միջավայրի՝ այս ուղղութեամբ Կառավարութեան հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ ան պիտի նպաստէ հայկական արտադրանքի՝ միջազգային շուկաներու մէջ աւելի մեծ ծաւալներով ներկայացուածութեան ընդլայնման։

Նախաձեռնութեան յաջող իրականացման պարագային պիտի դիտարկուին նաեւ այլ ուղղութիւններով նմանատիպ թռիչքներու կազմակերպման հնարաւորութիւնները»,- կ՚ըսուի նախարարի գրառման մէջ։

Նախորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Երկկողմ Առեւտուր Սկսած Է․ Փաշինեան

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss