Սեպտեմբեր 30-ին Կիպրոսի Հանրապետութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կազմակերպած էր ընդունելութիւն մը՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին։
Ընդունելութեան ներկայ էին Կիպրոսի կառավարութեան անդամ հինգ նախարարներ, ինչպէս նաեւ կառավարութեան եւ խորհրդարանի ներկայացուցիչներ, դեսպաններ եւ դիւանագիտական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, զինուած ուժերու եւ անվտանգութեան ծառայութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, որոնց թուին, յատուկ հրաւէրով, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կիպրոսի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետը՝ ընկեր Յակոբ Խուրշիտեան։

Իր խօսքին մէջ դեսպան Տիկին Իննա Թորգոմեան անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան կաեւորութեան եւ Հայաստանի ու Կիպրոսի միջեւ առկայ պատմական եւ ժամանակակից ամուր կապերուն։ Խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի համար առանձնայատուկ կերպով գործօն տարուան մասին՝ յիշատակելով Երեւանի մէջ գումարուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթնաժողովը, Եւրոպական Միութիւն–Հայաստան առաջին գագաթնաժողովը, Յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնները եւ Հոկտեմբերին կայանալիք Կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովը հիւրընկալելու համար Հայաստանի մէջ կատարուող նախապատրաստական աշխատանքները։
Անդրադառնալով Կիպրոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան հիմնադրման առաջին տարուան՝ Տիկին դեսպանը կարեւորեց երկկողմ համագործակցութեան ամրապնդումը քաղաքական, անվտանգութեան, տնտեսական, կրթական, մշակութային ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ զբօսաշրջութեան եւ ապակեդրոնացած համագործակցութեան ուղղութիւններով։
Կիպրոսի Հանրապետութեան Կրթութեան, մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Աթինա Միխալիտուն, իր ելոյթով, Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութեան անունով շնորհաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձը, ընդգծելով երկու երկիրներու միջեւ սերտ ու բարեկամական յարաբերութիւնները։
Դեսպան Տիկին Թորգոմեան երախտագիտութիւն յայտնելց Կիպրոսի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ ժողովուրդին, հայ համայնքին եւ դիւանագիտական անձնակազմին հանդէպ ցուցաբերուած բարեկամութեան, աջակցութեան եւ համագործակցութեան համար։ Իսկ Հայաստանին մաղթեց խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարեկեցութիւն՝ վստահութիւն յայտնելով, որ յառաջիկայ տարիներուն Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ բարեկամութիւնը առաւել եւս կ’ամրապնդուի։