Այսօր՝ 1 Հոկտեմբերին կը նշենք Ռամկավար Ազատութեան Կուսակցութեան հիմնադրման 105-րդ պանծալի տարեդարձը: ՌԱԿ-ը 105 տարիներէ իվեր կը ծառայէ հայ ազգին՝ Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին:
105 տարիներու իր գործունէութեան ընթացքին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը իր ներդրումը ունեցած է հայ կեանքի ազգային, քաղաքական, հասարակական եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ՝ պահպանելով ազգային ինքնութեան, ժողովրդավարական արժէքներու եւ հայրենիքի ու Սփիւռքի կապերու ամրապնդման գաղափարները։
Այս նշանակալից օրուան առիթով կը վերահաստատենք մեր համոզմունքը, որ Կուսակցութիւնը եռանդով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ ծառայելով հայ ժողովուրդի միասնականութեան, ազգային արժէքներու պահպանման եւ Հայաստանի ու Սփիւռքի լուսաւոր ապագային։
Շնորհաւոր 105-ամեակ։