Ֆրանսայի նախագահը ողջունած է ՀՀ վարչապետին այցը եւ մասնակցութիւնը Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովին։ Էմանուէլ Մաքրոն նշած է, որ այս հանդիպումը լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու երկկողմ ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգը։
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան եւ Փարիզի Խաղաղութեան 9-րդ համաժողովին հրաւիրելու համար։ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը եւ կարեւորած բոլոր ուղղութիւններով կապերու զարգացումն ու ընդլայնումը։

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են երկկողմ փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր։ Անդրադարձ կատարուած է ենթակառուցուածքներու եւ այլ ուղղութիւններով համատեղ ծրագրերու ընթացքին։
Քննարկուած են Հայաստան-Եւրոպական միութիւն համագործակցութեան հետագայ զարգացման, այդ շարքին՝ վիզաներու ազատականացման գործընթացին եւ ԵՄ աջակցութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքին առնչուող նիւթեր։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Էմանուէլ Մաքրոն միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներու եւ տեղի ունեցող գործընթացներու շուրջ։