ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի աշխատանքային այցը Պոլիս կը շարունակուի։
Այցի ծիրին մէջ, Սինանեան հանդիպում ունեցած է գերապայծառ Տէր Վարդան Թ.Ծ.Վրդ. Գազանճեանի՝ Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր առաջնորդին եւ Պատրիարքական կառավարիչին հետ։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի կեանքին, ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան պահպանման ուղղուած աշխատանքներուն, համայնքային կառոյցներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման առնչուող հարցերուն։
Զարեհ Սինանեան կարեւորած է հայ կաթողիկէ համայնքին հոգեւոր եւ ազգային կառոյցներու դերակատարութիւնը հայկական ինքնութեան, հոգեւոր արժէքներու եւ ազգային աւանդութիւններու պահպանման ու յաջորդ սերունդներուն փոխանցման գործին մէջ։