Իրլանտայի մայրաքաղաք Տապլինի մէջ ընթացող Եւրոպական քաղաքական համայնքի 9-րդ գագաթաժողովի ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 12 Նոյեմբերին հանդիպած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
Ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման շուրջ՝ հիմնուելով 8 Օգոստոս 2025-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթաժողովի արդիւնքներուն եւ անոր ծիրին մէջ ստորագրուած Ուաշինկթընեան համատեղ յայտարարութեան վրայ։
Քննարկումները կեդրոնացած էին երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան հետագայ ամրապնդման ուղղուած գործնական քայլերու վրայ, այդ շարքին՝ փոխադրութեան եւ տարանցիկ կապերու զարգացման, տնտեսական ու առեւտրային յարաբերութիւններու, սահմաններու սահմանազատման, ինչպէս նաեւ վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու իրականացման շուրջ։
Այս ծիրին մէջ, ղեկավարները քննարկած են «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) զարգացման ընթացքը, այդ շարքին՝ անոր երկաթուղային եւ աւտոճանապարհային բաղադրիչներու ծրագրաւորումն ու նախագծումը, ինչպէս նաեւ TRIPP-ի երթուղիով տարանցիկ կապերու հեռանկարները։
Որպէս դրական զարգացում նշուած է Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան եւ Հայաստանէն ապրանքներու տարանցումը։ Անցեալ տարուան Նոյեմբերէն իվեր Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուած է, ընդհանուր առմամբ, 105.000 թոն բեռ։
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տնտեսական ու առեւտրային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հնարաւորութիւններու, այդ թուին՝ ելեկտրական ցանցերու յառաջիկայ փոխկապակցութեան շուրջ։
Ղեկավարները ընդգծած են շրջակայ միջավայրի եւ անդրսահմանային ջրային միջոցներու ոլորտին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը եւ ողջունած են անդրսահմանային գետերու կառավարման հարցերով աշխատանքային խումբերու ստեղծումը։
Ղեկավարները վերահաստատած են խաղաղութեան գործընթացին մէջ դրական շարժի պահպանման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ բարգաւաճման ամրապնդման ուղղուած երկխօսութեան շարունակման կարեւորութիւնը։