Փաշինեան Անդրադարձած Է Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Հաստատման Գործընթացին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փնոմ Փենի մէջ մասնակցած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի լիագումար նիստերուն։ Քննարկուած եւ հաստատուած են գագաթաժողովի օրակարգային հարցերը, նախագիծերն ու ընթացակարգերը։ Յաջորդիւ Ֆրանքոֆոնիայի կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի նախագահը հանդէս եկած է զեկոյցով՝ նախարարական համաժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն վերաբերեալ։ Ներկայացուած է նաեւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութիւնը։ Լիագումար նիստի ծիրին մէջ քննարկուած են խաղաղութեան նուիրուած հարցեր։ Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ տեղի ունեցող գործընթացներուն։
հեղինակ՝
15 Նոյեմբերի 2026
2 ր. ընթերցում

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փնոմ Փենի մէջ մասնակցած է Ֆրանքոֆոնիայի միջազգային կազմակերպութեան գագաթաժողովի լիագումար նիստերուն։

Քննարկուած եւ հաստատուած են գագաթաժողովի օրակարգային հարցերը, նախագիծերն ու ընթացակարգերը։ Յաջորդիւ Ֆրանքոֆոնիայի կազմակերպութեան նախարարական համաժողովի նախագահը հանդէս եկած է զեկոյցով՝ նախարարական համաժողովի նստաշրջանի աշխատանքներուն վերաբերեալ։ Ներկայացուած է նաեւ կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի գործունէութեան վերաբերեալ հաշուետուութիւնը։

Լիագումար նիստի ծիրին մէջ քննարկուած են խաղաղութեան նուիրուած հարցեր։ Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ տեղի ունեցող գործընթացներուն։

Նախորդ նիւթը

Հայաստանը Պաղեստինի Կառավարութեան Կը Մաղթէ Խաղաղութեան Հաստատում Եւ Բարգաւաճ Ապագայ

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss