Ռուբինեան. Հայաստանը Չ’ընդունիր Սահմանադրութեան Վերաբերեալ Ատրպէյճանի Մօտեցումը

Ազգային ժողովին մէջ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնած է, որ Հայաստան չ’ընդունիր խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը նոր Սահմանադրութեան ընդունումով պայմանաւորելու Ատրպէյճանի մօտեցումը եւ պատրաստ է պայմանագիրը ստորագրելու արդէն այսօր։ ԱԺ նախագահը 17 Նոյեմբեր 2026-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման կապին։ «Մենք չենք ընդունիր այդ մօտեցումը։ Մենք կը համարենք, որ որեւէ խոչընդոտ չկայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, եւ այսօր ալ պատրաստ ենք ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը»,- ըսած է Ռուբինեան։ Անոր խօսքով՝ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու նախաձեռնութիւնը կը բխի Հայաստանի ներքին օրակարգէն։ Միաժամանակ ան չէ բացառած, որ անոր ընդունումը կրնայ արտաքին քաղաքական հետեւանքներ ունենալ։ Ռուբինեան անդրադարձած է նաեւ ընդդիմութեան հարցադրումներուն՝ արդեօք
հեղինակ՝
17 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Ազգային ժողովին մէջ Ռուբէն Ռուբինեան յայտնած է, որ Հայաստան չ’ընդունիր խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը նոր Սահմանադրութեան ընդունումով պայմանաւորելու Ատրպէյճանի մօտեցումը եւ պատրաստ է պայմանագիրը ստորագրելու արդէն այսօր։ ԱԺ նախագահը 17 Նոյեմբեր 2026-ին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է սահմանադրական փոփոխութիւններուն եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման կապին։

«Մենք չենք ընդունիր այդ մօտեցումը։ Մենք կը համարենք, որ որեւէ խոչընդոտ չկայ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, եւ այսօր ալ պատրաստ ենք ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը»,- ըսած է Ռուբինեան։

Անոր խօսքով՝ նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու նախաձեռնութիւնը կը բխի Հայաստանի ներքին օրակարգէն։ Միաժամանակ ան չէ բացառած, որ անոր ընդունումը կրնայ արտաքին քաղաքական հետեւանքներ ունենալ։

Ռուբինեան անդրադարձած է նաեւ ընդդիմութեան հարցադրումներուն՝ արդեօք Սահմանադրութեան փոփոխութենէն ետք Ատրպէյճան պիտի ստորագրէ՞ պայմանագիրը եւ նոր նախապայմաններ պիտի չներկայացնէ։

ԱԺ նախագահին խօսքով՝ այդ հարցերը իշխանութիւնը տրամաբանական կը համարէ, եւ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է անոնց շուրջ մտածելու ու ընդդիմութեան առաջարկ ներկայացնելու մտադրութեան մասին։

«Եթէ յաւելեալ երաշխիքներ պէտք են, գուցէ կ՚արժէ երթալ այդ երաշխիքներու ետեւէն՝ ձեր յառաջ բերած օրակարգի հարցին շուրջ»,- նշած է Ռուբինեան։

Նախորդ նիւթը

Հայաստանի եւ Գամպոտիայի Վարչապետներու Հանդիպում

Յաջորդ նիւթը

Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած Է Մարթա Քոսի Հետ

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss