Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլի Մէջ Հանդիպած Է Մարթա Քոսի Հետ

Հայաստանի արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոյեմբեր 17-ին Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ։ Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգի իրականացման եւ համագործակցութեան տնտեսական բաղադրիչի խորացման հարցեր։ Արարատ Միրզոյեան եւ Մարթա Քոս կարեւորած են տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան օրակարգի յառաջմղման նախաձեռնութիւններու իրականացումը՝ որպէս տարածաշրջանային փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման կարեւոր գործօն։ Անդրադարձ կատարուած է փոխադրական ենթակառուցուածքներու, թուային եւ ուժանակային փոխկապակցուածութեան, դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղութիւններով քաղաքական յանձնառութիւնները յստակ ծրագրերու եւ ներդրումներու վերածելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։ Նախարար Միրզոյեան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵՄ-ի կողմէ հայկական արտադրանքի համար ինքնավար միջոցներու տրամադրումը, որոնց գործնական կիրարկման ուղղութեամբ
հեղինակ՝
17 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Հայաստանի արտաքին գործերու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոյեմբեր 17-ին Պրիւքսէլի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵՄ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսի հետ։

Զրուցակիցները քննարկած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան ռազմավարական օրակարգի իրականացման եւ համագործակցութեան տնտեսական բաղադրիչի խորացման հարցեր։

Արարատ Միրզոյեան եւ Մարթա Քոս կարեւորած են տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան օրակարգի յառաջմղման նախաձեռնութիւններու իրականացումը՝ որպէս տարածաշրջանային փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման կարեւոր գործօն։

Անդրադարձ կատարուած է փոխադրական ենթակառուցուածքներու, թուային եւ ուժանակային փոխկապակցուածութեան, դիմակայունութեան ամրապնդման ուղղութիւններով քաղաքական յանձնառութիւնները յստակ ծրագրերու եւ ներդրումներու վերածելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն։

Նախարար Միրզոյեան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵՄ-ի կողմէ հայկական արտադրանքի համար ինքնավար միջոցներու տրամադրումը, որոնց գործնական կիրարկման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքները արդիւնք կու տան՝ դէպի ԵՄ երկիրներ հայկական արտադրանքի արտածման աճի տեսքով։

Նախարար Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հետագայ հաստատականացման հարցի մօտեցումները։

Նախորդ նիւթը

Ռուբինեան. Հայաստանը Չ’ընդունիր Սահմանադրութեան Վերաբերեալ Ատրպէյճանի Մօտեցումը

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss