Համաշխարհային Հայկական 3-րդ Գագաթաժողովը Երեւանի Մէջ

5–8 Նոյեմբերին Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու եւ միջոցառումներու կեդրոնին մէջ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ պիտի կայանայ Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովը։ Չորս օրերու ընթացքին նիւթային քննարկումներուն զուգահեռ մասնակիցներուն կը սպասուի մշակութային եւ ստեղծագործ միջոցառումներու բազմազան ծրագիր։ Բացման եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւններ Գագաթաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 Նոյեմբերին, իսկ փակման արարողութիւնը՝ 8 Նոյեմբերին՝ «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու եւ միջոցառումներու կեդրոնին մէջ։ Համաշխարհային հայկական ցուցահանդէս | 7 Նոյեմբեր Ամբողջ օրուան ընթացքին գործող ցուցահանդէսը պիտի մէկտեղէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ստեղծուող ու զարգացող նախաձեռնութիւնները, ապրանքներն ու ծառայութիւնները, մասնագիտական ներուժն ու համայնքային ծրագրերը՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով փոխանակուելու փորձով, գիտելիքով եւ միջոցներով, բացայայտելու համագործակցութեան
հեղինակ՝
4 Նոյեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

5–8 Նոյեմբերին Երեւանի «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու եւ միջոցառումներու կեդրոնին մէջ ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ պիտի կայանայ Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովը։

Չորս օրերու ընթացքին նիւթային քննարկումներուն զուգահեռ մասնակիցներուն կը սպասուի մշակութային եւ ստեղծագործ միջոցառումներու բազմազան ծրագիր։

Բացման եւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւններ

Գագաթաժողովի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 Նոյեմբերին, իսկ փակման արարողութիւնը՝ 8 Նոյեմբերին՝ «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու եւ միջոցառումներու կեդրոնին մէջ։

Համաշխարհային հայկական ցուցահանդէս | 7 Նոյեմբեր

Ամբողջ օրուան ընթացքին գործող ցուցահանդէսը պիտի մէկտեղէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ստեղծուող ու զարգացող նախաձեռնութիւնները, ապրանքներն ու ծառայութիւնները, մասնագիտական ներուժն ու համայնքային ծրագրերը՝ հնարաւորութիւն ընձեռելով փոխանակուելու փորձով, գիտելիքով եւ միջոցներով, բացայայտելու համագործակցութեան նոր ուղղութիւններ եւ ձեւաւորելու երկարաժամկէտ գործընկերութիւններ։

Համերգային ծրագրեր

Գագաթաժողովի բոլոր օրերը պիտի եզրափակուին մշակութային եւ համերգային ծրագրերով՝ մասնակիցները համախմբելով հայկական մշակոյթի, աւանդութիւններու եւ երաժշտութեան շուրջ։

Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթաժողովը ոչ միայն մասնագիտական երկխօսութեան եւ համագործակցութեան հարթակ է, այլեւ հայկական մշակոյթի, ստեղծագործ ներուժի եւ միասնականութեան փորձառութիւն։

Նախորդ նիւթը

Փաշինեան. Մեր Նպատակը ԵՄ Թեկնածու Պետութիւն Ըլլալը Չէ, Լիարժէք Անդամ Ըլլալն Է

Յաջորդ նիւթը

Կենսաչափական Համակարգի Ներդրումը Աւելի Կը Մերձեցնէ Հայաստանը Եւ Եւրոպական Միութիւնը

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss