Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2027-ի պետական պիւտճէի նախագիծի նախնական քննարկումներուն նշած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ հակամարտային օրակարգեր այլեւս պիտի չըլլան։
Վարչապետին խօսքով՝ եթէ պարզուի, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը իր դիրքորոշումով կը կասեցնէ նոր Սահմանադրութեան ընդունման հետագայ գործընթացը եւ դէմ կ՚արտայայտուի, այդ պիտի նշանակէ, որ ընդդիմութիւնը դէմ կ՚արտայայտուի Ատրպէյճանի հետ վերջնական խաղաղութեան։
«Այդ պարագային միանշանակ հանրային ճնշում պիտի յառաջացուի ընդդիմութեան նկատմամբ, կառավարող մեծամասնութիւնը պէտք է առաջնորդէ այդ ճնշումը, եթէ հանրային այդ տրամադրութիւնը ըլլայ»,- ընդգծած է վարչապետը։
Անոր խօսքով՝ յառաջիկային իրենց ճիգերը ուղղուած պիտի ըլլան այդ հարցերու պատասխանները ստանալուն։
«Մեր քաղաքական դիրքորոշումը միշտ եղած է հետեւեալը, որ մեր ներքին օրակարգերը արտաքին պարագիծին մէջ եւ անկէ դուրս չենք քննարկեր, բայց նաեւ, առերեսուելով Հայաստանի մէջ բարձրացուող եւ ընդգծուող հարցերուն, սա թեմա մըն է, որով պէտք է գործօն կերպով զբաղինք»,- շեշտած է Նիկոլ Փաշինեան։