Հայաստան Կը Դիրքաւորուի Որպէս Միջազգային Բարձր Մակարդակի Միջոցառումներ Հիւրընկալող Երկիր. Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով՝ Հայաստան կը դիրքաւորուի որպէս միջազգային կարեւոր միջոցառումները բարձր մակարդակով կազմակերպող երկիր։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նման կարծիք յայտնած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթի մէջ։ «COP17-ի առաջին օրերու արդիւնքներով եւ նաեւ յետահայեաց նայելով այս տարուան Մայիսին Երեւանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին, կրնանք արձանագրել հետեւեալը, որ Հայաստան կը դիրքաւորուի որպէս միջազգային բարձր մակարդակի միջոցառումները բարձր մակարդակով կազմակերպող երկիր, եւ սա անուրանալի եւ չափազանց կարեւոր ներդրում է Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութեան համար եւ շատ էական ձեռքբերում։ Ես կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է այս մարտավարութիւնը շարունակենք, եւ Հայաստան նորանոր այսպիսի միջոցառումներ պէտք է հիւրընկալէ, որովհետեւ
հեղինակ՝
19 Հոկտեմբերի 2026
4 ր. ընթերցում

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարծիքով՝ Հայաստան կը դիրքաւորուի որպէս միջազգային կարեւոր միջոցառումները բարձր մակարդակով կազմակերպող երկիր։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նման կարծիք յայտնած է Ֆէյսպուքի իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթի մէջ։

«COP17-ի առաջին օրերու արդիւնքներով եւ նաեւ յետահայեաց նայելով այս տարուան Մայիսին Երեւանի մէջ կազմակերպուած Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին, կրնանք արձանագրել հետեւեալը, որ Հայաստան կը դիրքաւորուի որպէս միջազգային բարձր մակարդակի միջոցառումները բարձր մակարդակով կազմակերպող երկիր, եւ սա անուրանալի եւ չափազանց կարեւոր ներդրում է Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային հեղինակութեան համար եւ շատ էական ձեռքբերում։

Ես կը կարծեմ, թէ մենք պէտք է այս մարտավարութիւնը շարունակենք, եւ Հայաստան նորանոր այսպիսի միջոցառումներ պէտք է հիւրընկալէ, որովհետեւ անոնք կը բարձրացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան տեսանելիութիւնը եւ միջազգային հեղինակութիւնը, նոր զբօսաշրջային հոսքեր կը բերեն Հայաստան, եւ, ըստ էութեան, այս ձեւով միջոցառումներու վրայ իրականացուող ծախսերը կը վերադառնան Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ կը բաշխուին քաղաքացիներու միջեւ՝ կախուած անոնց աշխուժութենէն եւ գործունէութեան տեսակէն։

Եւ, ի վերջոյ, այս միջոցառումները կը բարձրացնեն Հայաստանի տեսանելիութիւնը եւ նոր ներդրումներ կը բերեն Հայաստանի Հանրապետութիւն՝ իր բոլոր դրական արդիւնքներով»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան։

Նախորդ նիւթը

Նիկոլ Փաշինեան Կարեւորած Է Հայաստանի Հանքարդիւնաբերութեան Բարձր Չափանիշներու Համապատասխանեցումը

Յաջորդ նիւթը

Մելանի Ժոլի Կը Պարգեւատրուի ՀԲԸՄ-ի «Պօղոս Նուպար» Մրցանակով

ԱնցնիլՎեր

Don't Miss